Ասատուր Փանոյեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Ընկեր Ասատուրի Անմառ Յիշատակին
By adminx - Sat Sep 01, 5:42 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ անդարձ բաժնուեցաւ ՀՅԴ Սարդարապատ կոմիտէութեան ընկերներէն` Ասատուր Փանոյեանը, ետին թողելով բազմանդամ ընտանիք մը, հարազատներ ու բարեկամներ: Վերջին շրջանին ան աւելի կ՛այցելէր բժիշկներուն, քան բարեկամներուն` որոշ չափով հեռանալով ընկերային ու միութենական կեանքէն: Գիտէր, թէ տարիքը իր պահանջները ունի, բայց երբեք չէր յուսահատեր: Խոր հաւատքով կը նայէր վաղուան: Հիւանդանոցի անկողնին մէջ իսկ կը մտածէր իր լումաներով ոչինչէն հիմնած ձուլագործի իր վաճառատունը` «կալերի Ռուտասա»-ն ծաղկեցնելու մասին: Խառնուածքով շէն ու կայտառ էր, յանդուգն ու «սրտոտ»: Բանէ մը չէր վախնար, «շատ շատ պիտի մեռնիմ, մահէն աւելի ի՞նչը կրնայ զսպել զիս», կ՛ըսէր: Զինք հինէն ճանչցողներ կը պատմեն, թէ ան ինչպէս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան` յունիս 1975-ին, երբ Պուրճ Համուտէն Համրա երթալը «խենթութիւն» կը նկատուէր` կէս գիշերին դիմակաւոր զինեալներու անցարգելներէն անցնելով յաջողած էր իր կինը հասցնել Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոց, ուր այս վերջինը ծնունդ տուած էր միանգամայն երեք զաւակներու` երկու մանչ ու մէկ աղջիկ: Երբեք չէր ուզեր տխուր տեսնել ոեւէ մէկը: Ամէնէն ծանր պահերուն իսկ ձեւ մը կը գտնէր մթնոլորտը զուարճացնելու: Կը սիրէր ակմբային կեանքը, փոքր տարիքէն անդամագրուած էր ՀՅԴ-ի պատանեկան շարքերուն, Նոր Սիսի ակումբը: Սիրուած էր բոլորէն, նոյնիսկ գաղափարականօրէն տարբեր կողմի իր գործընկերներէն, որոնց միջոցաւ ան փրկուած էր, երբ 1958-ի եղբայրասպան դէպքերուն, ողբացեալ Շամիի նահատակութեան օրը զինք ալ արգելակած էին որպէս Դաշնակցական պատանի, Նոր Հաճընի «քրոմօ»-ի իր աշխատավայրէն դէպի տուն, Պուրճ Համուտ վերադարձի ճամբուն վրայ:
Ընկեր Ասատուր շուտ կը պոռթկար, շուտ ալ կը հանդարտէր: Ոխերիմ չէր ու եթէ պատահէր, որ մէկու մը նեղացնէր` շուտով կը փութար անոր սիրտը առնելու: Թէեւ ան այցելած էր կարգ մը երկիրներ, բայց միշտ կը նախընտրէր Լիբանանը ու դէմ էր արտագաղթի գաղափարին. «Մարդ ուր որ ալ երթայ, նկարագիրը նոյնը կը մնայ», կ՛ըսէր: Սակայն ինչպէս կ՛ըսեն` «հոգին քաղցր է», ու Լիբանանի պատերազմին անողոք ռումբերը շատ մը լիբանանցիներու կողքին բազմաթիւ հայեր ալ մղեցին լքելու իրենց տուներն ու վաճառատուները եւ գաղթելու` զերոյէն սկսելով «նոր ապագայ մը» կերտել հեռաւոր ափերու վրայ: Ու Ասատուր «գամուեցաւ» ակումբը` Պուրճ Համուտի «Մատոնա»-ի կեդրոնը, կամ ինչպէս ծանօթ էր` «մախֆար»-ը, որ դարձաւ իր երկրորդ տունը, ուր բազմաթիւ գիշերներ լուսցուցած էր այդ օրերու պահակ տղոց հետ: Դժբախտաբար, ան չհասաւ իր օրագրութիւնը գրելու ու իր գաղտնապահութեամբ հետը տարաւ պատմական այդ օրերու տխուր թէ քաղցր դէպքերու յուշերը:
Հարսանիքի «աւետիս»-ը կրնայ ամէն տուն չհասնիլ, բայց մահուան ուրուականը ուշ կամ կանուխ անպայման որ կը գտնէ բոլորիս անխտիր, որքան ալ փորձենք պաշտպանուիլ կամ խուսափիլ անկէ: Ու երբ հնչէ ժամը, հարկ է յարգել ուրուականին զոհը: Իսկ մեռեալը յարգելու լաւագոյն ձեւը` անոր փափաքներու իրականացումն ու երազներու գործադրութիւնն է…
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի՛ ընկեր:
ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print



