Saturday May 25, 2013

Մեր Աշակերտները Կը Գրեն. Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Գրական Պարբերականը

By adminx - Sat Sep 01, 5:38 am

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Պարբերաբար անդրադարձած ենք մեր վարժարաններուն մէջ իրագործուած աշխատանքներու, որոնք կը վերաբերին աշակերտներուն գրական ճաշակին եւ ստեղծագործական տրամադրութեան ծաղկումին:

Մեր ձեռքին ունինք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի գրական խմբակին կողմէ հրատարակուած «Hayeren chekerenk, հայերէն գրենք» խորագիրը կրող պարբերաթերթը, ուր ներկայացուած են շնորհալի աշակերտներու գրական փորձերը` շարադրութիւններով եւ բանաստեղծութիւններով դրսեւորուած: Խմբակը նախ կը թելադրէ համացանցի վրայ գրել հայերէն տառերով, կը թելադրէ վարժութիւն ընել հայերէն տառերու օգտագործումը` համացանցով տեղի ունեցող զրոյցները, նամակագրութիւնը կամ դիմատետրի օգտագործումը միշտ հայերէն գիրերով կատարելու ճիգով:

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցեն մեր թարմատի սերունդի ներկայացուցիչները: Կը գրեն անկեղծութեամբ, ունին պայծառ երեւակայութիւն եւ մտածումի խորք: Կարծիքներ ունին կեանքի ելեւէջներուն, հայրենական զգացումներու, հայ մշակոյթի պահպանման եւ այլ հարցերու մասին: Անոնց ստորագրած պատմուածքները կամ բանաստեղծութիւնները ընթերցողին մտածել կու տան, թէ ունինք յուսադրող սերունդ մը` մեր ապագային նկատմամբ, հայ արժէքները պահպանող:

2012-ին պատրաստած գրական պարբերականի այս թիւին առաջին էջերուն վրայ կը կարդանք Հայաստանի մատենադարանին մասին ծանօթագրութիւն մը, Մատենադարանի ստեղծման եւ ներկայի դրուածքին մասին այլ գրութիւն մը:

Թերթիկին տառերը թռչնագիր ներկայացուցած է խմբակի անդամներէն Սարգիս Խաչերեան: Քոլեճի ուսուցիչներէն Կարօ Յովհաննէսեան աջակցած է խմբակին եւ սրբագրութիւններ կատարած:

Գրութիւններ ունին Ժ., ԺԱ., ԺԲ. դասարաններու աշակերտները:

Յաջորդաբար կը կարդանք Գէորգ Ասատուրեանի «Կինը» կարճ պատմուածքը: Ռուպինա Մարկոսեան գրած է «Մինչեւ ե՞րբ անարդարութիւն» գրութիւնը: Ժաք Քեչեճեանէն կը կարդանք «Բեժոյի մռնչիւնը» տպաւորապաշտ էջը: Յաջորդ էջին վրայ կը կարդանք «Հայերէն տպագրութեան 500-ամեակին առիթով» գրութիւն մը: Մարիա Քերթէնեանէն կը կարդանք «Մնայի ծաղիկ» այլաբանական գրութիւնը:

Ժ. դասարանի աշակերտները երկու էջերու վրայ ներկայացուցած են 16 բանաստեղծութիւններ:

Տրուած է նաեւ պահուած բառը: Վերջին երկու էջերով ներկայացուցած են տեղեկութիւններ Հայաստանի համալսարաններու մասին:

Աշակերտներու գրական այս փորձերը կ՛ոգեւորեն զիրենք, իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները, անկասկած նաեւ ընթերցողը: Կը մաղթենք, որ այս խանդավառութիւնը շարունակուի եւ ըլլայ տեւական մեր նոր սերունդին  կեանքին մէջ, որպէսզի նոր ծաղկում ստանայ հայոց լեզուն, մեր ոսկեղինիկ մեսրոպատառ արեւմտահայերէնը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement