Tuesday May 21, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Sep 01, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր աշխատանքը արդիւնաւորուի լաւապէս եւ ամբողջական կերպով կատարեցէք ձեզի վստահուած պարտականութիւնը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գնումներ կատարեցէք, բայց առանց ձեր քսակը պարպելու: Օրը ունի զբօսնելու յարմար ժամեր: Ուրախ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ յուսահատիք, եթէ ձեր որոշած ծրագիրը չկարենաք իրագործել այսօր: Վաղը նոր օր մը ձեզ կը սպասէ: Ժպտուն եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր խօսակիցին տեսակէտը կրնայ տարբեր ըլլալ ձերինէն, այսուհանդերձ պիտի կարենաք լուծում մը գտնել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարեացակամ վերաբերում ունեցէք տկար անձերու նկատմամբ, նիւթապէս եւ բարոյապէս, անտարբեր մի ըլլաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը ունի հանդիպումներու առիթներ` պաշտօնական անձերու հետ: Ունիք առաջարկներ, որոնք պիտի ընդունուին սիրով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրախ տրամադրութեամբ դիմաւորեցէք ձեզի այցելողները: Մի՛ կարծէք, թէ ձեր որոշումը ճշգրիտ է եւ համապատասխան օրուան կարիքներուն: Իմաստուն եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք ընկերային պարտաւորութիւններ, այցելութիւն եւ մասնակցութիւն խնճոյքի: Մի՛ հրաժարիք այսպիսի հանդիպումներէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք մօտիկ տեղ մը, զոր չէք տեսած. հոն պիտի ունենաք հետաքրքրական հանդիպումներ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր մտահոգութիւնները կրնաք փարատել ապաւինելով միայն նախախնամութեան։ Ձեզմէ տկարներուն նայեցէք եւ գոհ եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ապագան ձեր դիմացն է` յստակ ուղղութեամբ, շուարելու պատճառ չունիք, շարունակեցէք ըստ ծրագրուածին: Օրը փայլուն է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փոփոխամիտ մի՛ ըլլաք, որպէսզի սխալներ չգործէք: Կասկած մի՛ ունենաք, այլ կառչած մնացէք ձեր որոշումին: Օրը ունի օգտակար նորութիւններ:

Leave a Reply

Advertisement