Sunday May 19, 2013

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Միացած Է Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Ուղղուած Կոչին

By adminx - Fri Aug 31, 7:32 am

Դամասկոսի մէջ Ասորական եկեղեցւոյ պատրիարքարանը  Միջին Արեւելքի «ահաբեկուած քրիստոնեաներուն» կոչ ուղղած է Սուրիոյ մէջ մնալու: «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ պատրիարքարանէն հաղորդած են, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան նախօրեակին լարուածութիւնը կը մեծնայ:

Կոչին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ արդարութեան կարելի է հասնիլ միայն հակամարտող կողմերուն միջեւ իմաստաւորուած երկխօսութեան միջոցով:

Կոչին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նաեւ Թուրքիոյ հայ առաքելական եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիները: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Արամ արք. Աթեշեան ընդգծած է քրիստոնեաներու` Միջին Արեւելքի մէջ մնալու կարեւորութիւնը:

Յոյն ուղղափառ եկեղեցին իր կարգին յիշեցուցած է, որ ի վերջոյ, «պէտք չէ մոռնալ, որ Միջին Արեւելքը այն վայրն է, ուր ծնունդ առած է քրիստոնէութիւնը: Ուստի` շրջանը հոգեւոր մեծ կարեւորութիւն ունի»:

 

Leave a Reply

Advertisement