Wednesday May 22, 2013

Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

By adminx - Fri Aug 31, 7:32 am

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ երեկոյեան հաղորդեց.

«Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Դամասկոսի շրջակայ արուարձաններուն մէջ սուրիական բանակին եւ հակակառավարական զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բախումները սաստկացան:

«Դամասկոսի մէջ պատահած իրադարձութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով.

«Երեքշաբթի կէսօրին Դամասկոսի Ժարամանա շրջանին մէջ տիւրզի համայնքէն անդամներու յուղարկաւորութեան ընթացքին ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ. դէպքին ընթացքին ոչ մէկ հայ վիրաւոր կամ զոհ արձանագրուեցաւ: Յիշեցնենք, որ այդ շրջանին մէջ տիւրզիներու եւ արաբ քրիստոնեաներու կողքին բնակութիւն հաստատած է նաեւ շուրջ 400 հայ ընտանիք:

«Երեքշաբթի կէսօրէ ետք մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններէն Ժոպարի մէջ զինեալ խմբակներու կողմէ զանազան շէնքերու իշխանամէտ բնակիչներու դէմ տեղի ունեցած են զինեալ յարձակումներ, որոնց պատճառով սպաննուած են քանի մը տասնեակ բնակիչներ: Թիրախ դարձած այդ շէնքերու բնակիչներէն էին նաեւ Մաթոսեան ընտանիքի երեք սպաննուած անդամները, որոնց դիակները անկարելի եղաւ մինչեւ այս պահը դուրս բերել շրջափակուած այդ շրջանէն:

«Իսկ չորեքշաբթի առաւօտ սուրիական պատկերասփիւռի կայանը եւ սուրիական լրատուական կայքէջեր հաղորդեցին, որ Դամասկոսի արուարձաններէն Զամալքայի մէջ (կը գտնուի մայրաքաղաքի արեւելեան հատուածին մէջ) մարտական գործողութիւններու պատճառով արձանագրուած են քաղաքային զոհեր, ներառեալ` հայ ընտանիք մը, ըստ այդ լրատուական միջոցներուն:

«Լուրը հայկական շրջանակներու կողմէ ստուգելի մնաց, մինչեւ որ հաստատուեցաւ, թէ Զամալքա շրջանին մէջ հայ ընտանիք չ՛ապրիր,  հետեւաբար լուրը իրականութեան չի համապատասխաներ»:

Leave a Reply

Advertisement