Wednesday Jun 19, 2013

Պըրրի – Ֆըրզլի Հանդիպում

By adminx - Fri Aug 31, 7:25 am

Ֆըրզլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ քրիստոնեայ ղեկավարութիւնները պատասխանատու են մշակելու հաւասարութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը:

Ֆըրզլի զարմանք յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ընտրական օրէնքը տակաւին խորհրդարան չէ փոխանցուած:

Ֆըրզլի կոչ ուղղեց քրիստոնեայ ղեկավարութիւններուն վերջ տալու ընտրական օրէնք մը մշակելու հոլովոյթի ձգձգումին, որպէսզի ապահովեն իրենց ազգային դերակատարութիւնն ու Լիբանանի մէջ իրենց գոյութիւնը` ամրապնդելու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

Leave a Reply

Advertisement