Saturday May 25, 2013

«Ճարտարարուեստի Նախարարութիւնը Կը Գործէ Կառավարութեան Մշակած Հաւասարակշռուած Բարգաւաճումի Քաղաքականութեան Հիման Վրայ» Կ՛ըսէ Սապունճեան

By adminx - Fri Aug 31, 7:24 am

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Լիբանանեան հասարակութեան կարողութիւններուն բարելաւման եւ ազգային համերաշխութեան ամրապնդման ծրագիրի գործադրութեան յատուկ յանձնախումբի (CELEP) նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի զարգացման ներկայացուցիչ Խալետ Մըքուատ, ճարտարարուեստի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժատաուն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ:

Նիստին ընթացքին Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ այդ յանձնախումբին աշխատանքներուն արդիւնքը եղած է 230 յաւելեալ աշխատատեղ ապահովել լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ երկրին արդիւնաբերութեան համեմատութիւնը կրկնապատկել:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ կառավարութեան, որ 950 հազար եւրոյի համազօր գումարով մը ստանձնած է այդ ծրագիրին երկրորդ հանգրուանին գործադրութիւնը Լիբանանի մէջ:

Նախարար Սապունճեան նշեց, որ այս ծրագիրին երկրորդ հանգրուանը պիտի սկսի գործադրուիլ յառաջիկայ տարուան` 2013-ի սկիզբը` աւելցնելով, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը կը գործէ կառավարութեան մշակած հաւասարակշռուած բարգաւաճման քաղաքականութեան հիման վրայ եւ այդ պատճառով ալ կեդրոնացած է հիւսիսի, հարաւի եւ Պեքաայի շրջաններուն վրայ, սակայն երկրորդ հանգրուանը պիտի գործադրուի Լեռնալիբանանի մէջ:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement