Շարպել. «Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով Լաւատես Եմ»
By adminx - Fri Aug 31, 7:21 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք լաւատես է` Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցով:
Ան դիտել տուաւ, որ թրքական իշխանութիւններուն հետ իր բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն ինք ուրախ լուրեր կ՛ակնկալէ այդ իմաստով:
Միւս կողմէ, անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, լիբանանեան ապահովական պատուիրակութիւն մը երէկ պիտի ուղղուէր Անգարա` լիբանանցի առեւանգեալներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ:
Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներուն վերստին բռնկումին մասին Շարպել յայտնեց, որ այդ բախումները աւարտած են եւ բանակը իր հակակշիռին տակ առած է կացութիւնը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան պիտի չփոխադրուի:
Նշենք, որ Շարպել այսօր իր գրասենեակին մէջ պիտի նախագահէ նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին հանրային վայրերու մէջ յառաջիկայ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ծխելը արգիլող թիւ 174 օրէնքին գործադրութեան նախապատրաստութիւնները:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print



