Friday May 24, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Fri Aug 31, 7:20 am

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց, որ քարիւղի պեղման յանձնախումբին մէջ շիի անդամ մը նշանակելու առումով միջշիիական տարակարծութիւններ չկան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի քաղաքապետ Նատեր Ղազալը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրավիճակը: Ղազալ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան համար ամէն ջանք ի գործ դնելու ընթացքին մէջ է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի կոչ ուղղեց որդեգրելու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնք մը` աւելցնելով, որ պէտք է կառչած մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին, որովհետեւ Լիբանանի համար ցարդ այլընտրանք մը չկայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի ընդունեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող ուսանողական եւ երիտասարդական պատուիրակութիւն մը, որ զօրակցութիւն յայտնեց անոր: Հանդիպումին աւարտին Ալի մաղթեց, որ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին դէմ նիւթուած դաւադրութիւնները ձախողին` աւելցնելով իրենց նախանձախնդրութիւնը լիբանանեան-սուրիական եղբայրական յարաբերութիւններուն պահպանումին նկատմամբ:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր որոշեց նախկին նախարար Միշել Սըմահան փոխադրել Ռիհանիէի զինուորական ոստիկանութեան կեդրոնը` ապահովական պատճառներով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը շատ համբերած են, նախքան Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին դէմ իրենց ճշդած այս կեցուածքն ու մագլցողական քայլերուն դիմելը: «Սակայն կառավարութիւնը փաստեց, որ ինք կը նախընտրէ Սուրիոյ շահերը պաշտպանել եւ ոչ թէ Լիբանանի շահերը», ըսաւ Սաատէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիները կարելի չէ գտնել եւ անոնց ճակատագիրը կարելի պիտի չըլլայ բացայայտել` առանց սուրիական վարչակարգը տապալելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն իմաստուն քայլերու դիմելու եւ վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին` լուծելու համար երկրին հարցերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ կառավարութիւնը տակաւին ընտրական օրինագիծն ու պետական պիւտճէի նախագիծերը խորհրդարան չէ փոխանցած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Խալտուն Շերիֆ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքի քաղաքականութիւնը պէտք է գործադրուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ գործակցութիւնը համադրելու նոր համակարգ մը մշակումի ընթացքին մէջ է: Ան քննադատեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախանցեալօրուան շարժումը` շեշտելով, որ իրենք չեն հասկցած այդ շարժումը, որպէսզի եզրակացութիւններու յանգին: «Ամէն պարագայի, այդ շարժումը քաղաքական սնանկութեան ցուցանիշ մըն է», ըսաւ ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը թերանայ իր պարտականութիւնը կատարելու եւ ոչ մէկ հարց կը տեսնէ այն իրականութեան մէջ, որ լիբանանեան պետութիւնը հետզհետէ իր հեղինակութիւնը կը կորսնցնէ:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ Մարսէյ քաղաքին մէջ գտնուող «Սայտուն» ճաշարանին լիբանանցի սեփականատէրը` Հասան Շահին երէկ սպաննուած գտնուեցաւ իր ճաշարանին դրան առջեւ: Ան դանակի 50 հարուած ստացած էր:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ նշուած է, որ ամերիկեան վարչակազմը մտահոգ է Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող առեւանգումներով:

«ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի լուրերու բաժանմունքի փոխտնօրէն Քարմա Խայեաթ յայտնեց, որ կայանին դէմ յարձակում գործած քաղաքացի Ուիսամ Ալաէտտինի դէմ իրենց յարուցած դատական հարցը տակաւին ի զօրու է: Միւս կողմէ, տակաւին նախանցեալ օր ազատ արձակուած Ուիսամ Ալաէտտին յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ իր առած քայլը ճիշդ էր եւ աւելցուց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արժանապատուութիւնը մեր արժանապատուութիւնն է»:

ՊԻԼԱՏ Շամի մէջ Ապտալլա Ազզամի փաղանգը Լիբանանի շիի համայնքին կոչ ուղղեց իմաստուն քայլերու դիմելու եւ Հըզպալլայի քայլերով չառաջնորդուելու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ քարիւղի հանքերու պեղման յապաղումը խանգարած է այդ իմաստով ծրագրուած աշխատանքին գործադրութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները տարբեր են, քան ինչպէս որ անոնք կը ներկայացուին լիբանանեան տեղեկատուական մարզին կողմէ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական անձնաւորութիւններէն, կը գրէ, թէ իրենք մտահոգ են, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին կրնայ յարձակումներու ենթարկուիլ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանը մնայուն կերպով բախումի դաշտի վերածելու իմաստով որոշում տրուած է, եւ Մըքտատ ընտանիքին արարքները մաս կը կազմեն այդ որոշումին գործադրութեան:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ ոչ մէկ հարց կայ` քարիւղի պեղման յանձնախումբին մէջ շիի ներկայացուցիչին անուան շուրջ:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք բացայայտած են զինեալ բջիջ մը եւ զայն հարցաքննելէ ետք հասած են այն եզրակացութեան, որ այդ բջիջին անդամները դատաւորներու դէմ սպանութիւններ կը ծրագրէին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ պետական օրինականութենէն դուրս գտնուող զէնքը կը քանդէ պետութիւնը եւ կը ծառայէ թշնամի Իսրայէլին շահերուն:

ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը համաձայն գտնուած են կառավարութեան փոփոխութեան կարելիութեան բոլոր էջերը փակելու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետը հանգիստ կը զգայ Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն առումով:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի մէջ քաղաքական հովանաւորութիւն ստացած է եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է իր իշխանութիւնը պարտադրէ շրջանին վրայ: Ան հաստատեց, որ Թրիփոլին նոր զինեալ բախումներ պիտի չվկայէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը բացայայտելու պատասխանատուն լիբանանեան պետութիւնն է:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութիւնը երէկ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զօրակցին անոր, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել լիբանանեան հանրութեան ապահովութիւնը:

Leave a Reply

Advertisement