Հոլլանտ Հերքած Է Ցեղասպանութեան Հարցը Դասագիրքերուն Մէջ Ներառելուն Իր Առնչութիւնը
By adminx - Thu Aug 30, 7:49 am
- 0 Comments
- 140 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ ինք տեղեակ չէ Ֆրանսայի միջնակարգ դպրոցներու դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ներառող փոփոխութիւններէն:
Ան «Հիւրրիյէթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ որոշումին հեղինակը ինք չէ, սակայն խոստացած է ճշդել եւ տեղեկացնել աւելի ուշ:
Թրքական օրաթերթի լրագրողը կը նշէ, որ Հոլլանտ զարմացած տեսքով նշած է, որ մինչեւ իսկ տեղեակ չէ դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած նման փոփոխութենէն: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախաձեռնութեան հեղինակը ինքը չէ՞, Հոլլանտ ըսած է. «Ո՛չ, կտրականապէս ոչ: Ես նման յանձնարարական չեմ տուած: Գիրքերուն մէջ փոփոխութիւնները համապատասխան յանձնախումբին կողմէ կը կատարուին»:
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ այդ պարագային ո՞վ է նախաձեռնողը, Հոլլանտ խոստացած է ճշդել եւ տեղեկացնել աւելի ուշ:
Զրոյցը տեղի ունեցած է Էլիզէ պալատին մէջ կազմակերպուած նախագահի եւ շուրջ 200 դեսպաններու հաւաքի ընթացքին: Հոլլանտ նշած է, որ հաւաքին ընթացքին անդրադարձած է Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան` մասնաւորաբար յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան, Ամերիկայի, Ափրիկէի, Պրազիլի, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Թուրքիոյ հետ:
Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Լորեն Պիլի իր կարգին յայտարարած է, որ փոփոխութիւնը չէ կատարուած դիւանագիտական մակարդակով, սակայն ատիկա անակնկալ չէ եղած:
- 0 Comments
- 140 views
- Tweet
Email
Print



