Thursday May 23, 2013

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ-ը 100 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ «Սուրիահայ Վարժարաններու Օժանդակութեան Ֆոնտ»-Ին

By adminx - Thu Aug 30, 7:54 am

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց, որ միութեան համահայկական կառոյցին եւ բոլոր միաւորներուն ներդրումով, 100 հազար ամերիկեան տոլար գոյացուցած է «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին համար: Յառաջիկայ օրերուն գումարի առաջին բաժինը պիտի փոխանցուի Սուրիահայ օգնութեան խաչին եւ ամբողջանայ աւելի ուշ:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան յայտնեց. «ՀՕՄ-ը առաջին կազմակերպութիւնը եղաւ, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան դիմեց` հիմնելով «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ը. օրին յայտարարեցինք, որ գումարը պիտի յատկացուի աշակերտներու կրթաթոշակներուն: Հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին եւ տարբեր երկիրներու դիմագրաւած ծանր խնդիրներուն, հպարտ ենք,  որ մեր ընկերուհիները ճիգ թափեցին եւ այս նպատակին համար պատկառելի գումար մը մէջտեղ բերին: Այս առիթով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ միութեան անդամներուն, պատասխանատու մարմիններուն եւ բոլոր ազգայիններուն, որոնք ընդառաջեցին ՀՕՄ-ի կոչին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանգանակութեան»:

ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի ճիգերով գոյացած այս յատկացման տնօրինումը պիտի կատարէ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, գործակցելով հայ առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութիւններուն հետ:

«Տարբեր առիթներով հարցում ստացանք` ինչո՞ւ յատկապէս դպրոցներուն, երբ կասկածելի է անոնց վերաբացումը եւ սուրիահայութիւնը ներկայիս ընկերային այլ կարիքներ կը դիմագրաւէ: Կեդրոնական վարչութիւնը տեղեակ է, որ ի գին որոշ յետաձգումի, դպրոցներու վերաբացման նախապատրաստութիւնները սկսած են եւ անհրաժեշտ քայլերը կ՛առնուին յարմարելու ստեղծուած ցաւալի պայմաններուն: Այս կացութեան մէջ, «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ի նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ը միաժամանակ երկու նպատակ կը հետապնդէ. թէ՛ ծնողներու նիւթական բեռը կը թեթեւցնէ` անոնց ուսերէն պատասխանատուութիւն մը վերցնելով, թէ՛ կը սատարէ հայեցի կրթութեան օճախներու պահպանումին, որոնք առանց անհրաժեշտ նիւթական միջոցներուն դժուար թէ իրենց կանոնաւոր գործունէութիւնը շարունակեն»,  բացատրեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Նայիրի Շահինեան:

Նկատի ունենալով, որ անցնող օրերուն հիմը դրուեցաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան, որուն մէջ ներառուած են հայկական կրօնական եւ աշխարհիկ բազմաթիւ կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, այսուհետեւ ՀՕՄ-ը սուրիահայութեան օժանդակութեան իր աշխատանքները պիտի շարունակէ համահայկական այդ նախաձեռնութեան ընդմէջէն:

Leave a Reply

Advertisement