Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 60 Միլիոն Եւրօ Պիտի Յատկացնէ
By adminx - Thu Aug 30, 7:46 am
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 60 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ դատական-իրաւական բարեփոխումներու, տնտեսական համագործակցութեան եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրներու իրականացման համար:
Եւրոպական յանձնաժողովը «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրին շրջագիծին մէջ ընդունեց Հայաստանի հետ 2012 թուականի գործողութիւններու ծրագիրը, որ պէտք է արագացնէ երկրին մէջ դատական-իրաւական բարեփոխումներու հոլովոյթը, բարենպաստ հող ստեղծէ քաղաքական եւ տնտեսական աւելի խոր համագործակցութեան համար:
Տնտեսական օժանդակութեան մէկ մասն ալ պիտի ուղղուի Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Ազատ եւ համապարփակ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի իրականացման եւ այցեգիրի դրութեան դիւրացման:
Եւրոպական Միութիւնը 60 միլիոն եւրօ ալ պիտի յատկացնէ Վրաստանին` գիւղատնտեսութեան արդիականացման եւ սննդամթերքի ապահովութեան բարձրացման համար: Իսկ Ազրպէյճան պիտի ստանայ 19,5 միլիոն եւրօ, քանի որ, բաղդատմամբ Հայաստանի եւ Վրաստանի, տակաւին չեն սկսած բանակցութիւնները ազատ եւ համապարփակ առեւտուրի գօտի ստեղծելու վերաբերեալ: Տրամադրուած գումարը պիտի ուղղուի արդարադատութեան մարզի զարգացման եւ գաղթի խնդիրներու լուծման:
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print



