Wednesday May 22, 2013

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

By adminx - Thu Aug 30, 7:42 am

Զօր. Իպրահիմ, երեսփոխան Բագրատունի եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեան

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի պատասխանատու Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, երէկ այցելեց

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան  Բագրատունի դրուատեց ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց ի գործ դրած ջանքերուն:

 

Leave a Reply

Advertisement