Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին «Կը Մերժենք Առեւանգումներն Ու Անոնց Պատասխան Փոխադարձ Առեւանգումները Եւ Հակազդեցութիւնները» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
By adminx - Thu Aug 30, 7:40 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն բացակայեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Սելիմ Քարամ, Ատնան Մանսուր, Հասսան Տիապ եւ Նիքոլա Սահնաուի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 58 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել անոր, որ օժանդակեց լիբանանցի քաղաքացի Հիւսէյն Օմարի ազատ արձակման` աւելցնելով սակայն, որ այդ մէկը պակասաւոր քայլ մըն է եւ պէտք է ազատ արձակել առեւանգուած բոլոր լիբանանցիները:
Պատերազմի ընթացքին Սուրիոյ մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն թղթածրարին ակնարկելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նախորդ անգամ, երբ ինք վարչապետի պաշտօն ստանձնած է, հետապնդած է այդ հարցը եւ ուղղակիօրէն դիմած է սուրիացի պատասխանատուներուն: Ան ընդգծեց, որ արդարութեան նախարարը պիտի շարունակէ քննարկումը այդ թղթածրարին, որ մօտիկ ապագային իր վերջնական ձեւին մէջ պիտի ներկայացուի կառավարութեան նիստին:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետը խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած առեւանգումները, ինչպէս նաեւ անոնց պատասխան փոխադարձ առեւանգումներն ու հակազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործուած բոլոր բռնարարքները: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովական ուժերը պիտի դիմեն խիստ միջոցառումներու` արգիլելու համար երկրին ապահովական կայունութեան խախտումները:
Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ երկրին դատական իշխանութիւնները արդէն իսկ բերման գիրեր սկսած է հրապարակել` օրինազանցները ձերբակալելու նպատակով:
Վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ յառաջիկայ 5 սեպտեմբերին արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստերուն նախագահելու Լիբանանի պաշտօնին ստանձնումին` աւելցնելով, որ անիկա պիտի ըլլայ առիթ մը` շեշտելու համար Լիբանանի դրական դերակատարութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի ակնարկեց նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան` հաստատելով, որ այդ այցելութեան ծրագիրը արդէն մշակուած է եւ այդ իմաստով ցուցմունքները տրուած են:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը արտօնեց Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին` ստորագրելու 630 հազար տոլարի գումար մը, որ Քուէյթի Բարգաւաճման սնտուկին կողմէ պիտի տրամադրուի` ֆինանսաւորելու համար Լիբանանին 1500 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք ապահովող ծրագիր մը:
Կառավարութիւնը «Նուէյհ Թալեպ» ճարտարապետական ընկերութեան յանձնեց Ժալ էլ Տիպի փապուղին կառուցելու կարելիութիւնները սերտելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Բնակեցման դրամատան մօտ Հանրի Մուաուատը եւ Նեզիհ Շաարանին կառավարութեան ներկայացուցիչներ նշանակեց:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է նաեւ լիբանանեան պետութեան պատկանող հողերուն վրայ կառավարական շէնքեր կառուցելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ վաւերացուցած է Պաալպեք-Հերմել շրջանին մէջ բարգաւաճման նպատակով իրականացուելիք ծրագիրները:
Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ չորեքշաբթի առաւօտեան` նախագահական պալատին մէջ:
Նշենք, որ նախքան նիստին սկսիլը, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնած էր, որ իրենք կը շարունակեն առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման իմաստով բանակցութիւնները` յոյս յայտնելով, որ անոնք մօտիկ ապագային տուն վերադառնան:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ պետական մարզին մէջ գործող պաշտօնեաները իրենց յաւելումները պիտի ստանան յառաջիկայ սեպտեմբերի աւարտին: Սաֆատի աւելցուց, որ անոնք նաեւ պիտի ստանան իրենց աշխատավարձի յետնեալ դրութեամբ յաւելումները` փետրուար 2012-էն սկսեալ:
Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ անդրադարձաւ քարիւղի հանքերու պեղման յանձնախումբին մէջ շիի ներկայացուցիչին նշանակումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած հարցին եւ այն վարկածներուն, թէ անիկա իսկական հարց է Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ` ըսելով, որ անոնք ապատեղեկատուութիւն են եւ անճիշդ լուրեր:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




