Թուրքիա ՄԱԿ-ի Հետ Սուրիացի Գաղթականները Սուրիոյ Մէջ Պաշտպանելու Եւ Պատսպարելու Կարելիութիւնը Կը Քննարկէ
By adminx - Thu Aug 30, 7:29 am
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա ՄԱԿ-ի հետ կը քննարկէ սուրիացի գաղթականները Սուրիոյ մէջ պաշտպանելու եւ պատսպարելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ Անգարա կը սպասէ, որ միջազգային կազմակերպութիւնը այդ ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու դիմէ:
Տաւութօղլու Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կը սպասենք, որ ՄԱԿ գաղթականները Սուրիոյ մէջ պաշտպանելու եւ կարելիութեան պարագային զանոնք այդտեղ պատսպարելու ուղղութեամբ աշխատի»:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Անգարա նշեալ հարցը քննարկած է ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով յանձնակատար Անթոնիօ Կութերեսի եւ ՄԱԿ-ի օժանդակութեան ղեկավար Վալերի Ամոսի հետ:
Նշենք, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու գաղափարը շրջանառութեան մէջ դրած է: Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր նիստին ընթացքին Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը եւ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու կարելիութիւնը քննարկէ: Տաւութօղլու նիստին ներկայ պիտի գտնուի:
Թրքական «Զաման» օրաթերթին կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Հիւսէյն Չելիք կուսակցութեան ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը քննադատած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) Թուրքիոյ մէջ «արիւնալի արշաւին» օժանդակելու համար:
Ան ըսած է, որ «Պաշշար Ասատ «թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» ասացուածքին կը հետեւի»` աւելցնելով, որ «շատ յստակ է, որ ան ՔԱԿ-ը իր թեւին տակ կ՛առնէ եւ Թուրքիոյ դէմ կ՛օգտագործէ»:
Ասատ սուրիական «Տունիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու մասին խօսքերը անիրապաշտ են եւ գործնականապէս գոյութիւն չունին «նոյնիսկ Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամիի կամ մրցակիցի դեր խաղցող պետութիւններուն համար»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիա համաշխարհային եւ շրջանային պատերազմի մէջ է, սակայն «յաղթանակը պարզապէս ժամանակի հարց է»:
Մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ ներկայ իրավիճակը` Ասատ նշեց, որ իր կառավարութիւնը յառաջընթաց կ՛արձանագրէ, եւ «այժմ իրավիճակը աւելի լաւ է»: Ան պնդեց, որ եթէ իրեն աւելի շատ ժամանակ տրուի, պիտի կարենայ ներքին հարցերը լուծել:
Ինչ կը վերաբերի իշխանութենէն անջատումներուն, ան ըսաւ, որ այդ մէկը «պետութեան եւ հայրենիքին համար ինքզինք մաքրելու հոլովոյթ է»: Պատասխանելով Դամասկոսի մէջ Ազգային ապահովութեան գրասենեակի ականահարումէն ետք իր գտնուած վայրին մասին տարաձայնութեանց` ան յայտնեց, որ ինք Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող նախագահական պալատէն կը խօսի:
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print



