Saturday May 25, 2013

Ըստ «Ռոսիսքայա Կազեթա»-ի Անգարա Ասատի Վարչակարգին Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կրնայ Փոխել

By adminx - Thu Aug 30, 7:26 am

Ռուսական «Ռոսիսքայա Կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ փորձագէտները հետաքրքրութեամբ կը հետեւին սուրիական տագնապի զարգացումներուն` մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քիւրտերու կացութեան եւ երկրին մէջ անոնց ապագային:

Օրաթերթը կը նշէ, որ «քիւրտերը իրենց ներկայ կացութիւնը պիտի պահեն, եթէ Պաշշար Ասատի վարչակարգը գոյատեւէ»` աւելցնելով, որ «ներկայ կացութիւնը իրենց համար կատարելապէս նպաստաւոր է, որովհետեւ այժմ կը վայելեն որոշ ինքնավարութիւն մը, որ վերջին իրադարձութեանց սկիզբէն ետք իրենց ստացած ձեռքբերումներէն մէկն է»:

Օրաթերթը կը գրէ, որ Ասատ դէպքերը կանխելով քիւրտերուն կատարեց զիջումներ, որոնք պատճառ դարձան, որ անոնց մեծամասնութիւնը իր կողքին կանգնի. միւս կողմէ, Իրաքի քիւրտերը յաւելեալ անկախութեան կը ձգտին, ինչ որ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութեանց հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն կը ստեղծէ:

Ռուսական օրաթերթը կը նշէ, որ թրքական կողմը վերոնշեալ հարցը վերջերս արծարծեց  Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, երբ նշուեցաւ, որ քրտական շարժումը շրջանին մէջ կարեւոր երեւոյթի պիտի վերածուի եւ կրնայ «Քրտական գարուն»-ի վերածուիլ:

Մեկնելով բոլոր այս տուեալներէն` օրաթերթը չի բացառեր, որ Ասատի վարչակարգին նկատմամբ Անգարայի կեցուածքը փոխուի:

Leave a Reply

Advertisement