Friday May 24, 2013

Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդը Սուրիոյ Կացութեան Ստեղծած Սպառնալիքներէն Եւ Վտանգներէն Ձերբազատելու Կամքը Կը Շեշտէ

By adminx - Thu Aug 30, 7:25 am

Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն պահ մը

Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը երէկ իր գումարած ժողովին աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Թուրքիոյ կամքը արտայայտեց, ինչպէս նաեւ սուրիական կացութեան վատթարացումէն յառաջացած սպառնալիքներէն եւ վտանգներէն ձերբազատելու կամքը եւ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան բացը շահագործել փորձող «ահաբեկչական տարրերու» գործունէութեան դէմ կանգնելու վճռակամութիւնը շեշտեց:

Հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ Թուրքիա ունի այն խոր համոզումը, թէ «ահաբեկչական կազմակերպութիւնը» որեւէ պարագայի պիտի չկարենայ թրքական հասարակութիւնը պառակտել:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին, թրքական կառավարութիւնը թրքական հողերուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներու պահանջները բաւարարելու կարեւորութիւնը շեշտեց` նշելով, որ յառաջիկային այդ առումով մտադիր է միջոցառումներ որդեգրել:

Հաղորդագրութիւնը Սուրիոյ մէջ դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցման կարեւորութիւնը շեշտեց` յայտնելով, որ պէտք է այդ ուղղութեամբ ջանքերը միջազգային ընտանիքին հետ համակարգելով շարունակել:

 

 

Leave a Reply

Advertisement