«Աղօթարար Կը Սպասենք Սրբազան Քահանայապետին» Կ՛ըսէ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքը` Վատիկանի Ձայնասփիւռի Կայանին
By adminx - Thu Aug 30, 7:17 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Հակառակ երկրին ներկայ վրդով եւ տագնապալից վիճակին եւ մամլոյ որոշ շահադիտական հրատարակութիւններուն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած նոր զրոյցի մը ընթացքին երէկ հաստատեց, որ «ամէն օր աղօթարար կը սպասենք սրբազան քահանայապետին Լիբանան կատարելիք այցելութեան, որ խաղաղութեան պտուղներ ու փոխադարձ ներում պիտի յարուցէ եւ համագործակցութիւն պիտի յառաջացնէ միացնելու համար լիբանանցիները եւ Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները: Առաքելական այս այցելութիւնը Լիբանանի համար չէ միայն, այլ բոլոր Միջին Արեւելքին», կը հաստատէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ:
Արդարեւ, յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին, սրբազան քահանայապետին Լիբանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ. Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը` «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ»:
Այցելութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ երկրի հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով, յոյժ կարեւոր է Միջին Արեւելքի մէջ ապրող բոլոր բնակիչներուն համար եւ կը շահագրգռէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ մահմետական:
Քահանայապետական միջեկեղեցական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ժան Լուի Թոռան իր կարգին հաստատած է, որ Պենետիկտոս ԺԶ.-ի Լիբանան այցելութեան պատրաստութիւնները օրինաւոր կերպով կը շարունակուին:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



