Saturday May 25, 2013

Անկելա Մերքել Աշխարհի Ամէնէն Ազդեցիկ Կինը

By adminx - Thu Aug 30, 5:32 am

Տիլմա Ռուսեֆ

Հիլըրի Քլինթըն

Անկելա Մերքել

«Ֆորպս» ամսագիրը հրապարակած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կանանց տարեկան ցանկը, զոր կը գլխաւորէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը:

Հարիւր ամէնէն ազդեցիկ կանանց ցանկին վրայ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը, իսկ երրորդ տեղը` Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆը:

Չորրորդ դիրքը կը գրաւէ Պիլ Կէյթսի կինը` Մելինտան, որ կը զբաղի մարդասիրական-բարեսիրական գործերով:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի գլխաւոր խմբագիր Ճիլ Աբրամսոն կը գրաւէ հինգերորդ դիրքը: Հնդկաստանի հնդկական Ազգային քոնկրես իշխող կուսակցութեան ղեկավար Սոնիա Կանտի կը գրաւէ վեցերորդ դիրքը, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կինը` Միշէլ Օպաման` եօթներորդ տեղը:

Աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կիներու ցանկին վրայ տեղ գտած են բազմաթիւ աստղեր, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, մարզիկներ եւ այլ բնագաւառի ներկայացուցիչներ:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Ընտանի Կենդանիներ Պահող Երեխաները
Աւելի Խելացի Են

«Տէյլի Մէյլ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, տան մէջ ընտանի կենդանիներ պահող ընտանիքներուն երեխաները աւելի խելացի եւ ինքնաբաւ են, քան իրենց տարեկիցները:

Արդարեւ, այս եզրակացութեան յանգած է տնային կենդանիներու պաշտպանութեամբ զբաղող «Փէթս էթ հոմ» կազմակերպութիւնը 5-16 տարեկան հազար երեխայի վրայ կատարած իր հետազօտութեան աւարտին:

Կազմակերպութեան կարծիքով տունը կենդանի ունենալու իրավիճակը կ՛օգնէ երեխաներուն`  աւելի լուրջ ձեւով մօտենալու իրենց վստահուած պարտականութիւններուն եւ ուսումին:

Հետազօտութեան մասնակցած երեխաներուն 79 առ հարիւրը խոստովանած է, թէ տան մէջ կենդանիի մը ներկայութիւնը դրական ազդեցութիւն գործած է իրենց տրամադրութեան, շրջապատին հետ յարաբերութեան եւ դպրոցական աշխատանքներուն վրայ:

Ուշագրաւ է այն երեւոյթը, որ տան մէջ շինշիլա, մուկ կամ առնէտ պահող երեխաներուն մտային զարգացման եւ ուսման արդիւնքները աւելի բարձր գնահատուած են, քան շուն կամ կատու պահողները…

Մասնագէտներու կարծիքով, ուսման վրայ ունեցած բարերար ազդեցութենէն բացի, ընտանի անասուն պահելը երեխային մօտ կը զարգացնէ պատասխանատուութեան եւ ինքնավստահութեան, ինչպէս նաեւ ուրիշին հանդէպ հոգատարութեան զգացումները:

 

Առողջապահական

Կիները Սովորաբար Կ՛անտեսեն
Սրտի Կաթուածը…

Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած է այն սխալ կարծիքը, թէ սրտի կաթուածը առաւելաբար տղամարդոց բնորոշ հիւանդութիւն է. մինչդեռ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ սրտի կաթուածէն տարեկան կը մահանայ 270 հազար կին:

Անտեսելով սրտի կաթուածի վտանգը` կիները կը կարծեն, թէ իրենց կեանքին սպառնացող մեծագոյն վտանգը ստինքի քաղցկեղն է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը դառնայ տարեկան 40 հազար 8 հարիւր կիներու մահուան պատճառ:

Ամերիկացի սրտաբան Նոէլ Պէյրէյ Մերզի համաձայն, կիներուն մեծ մասը անտեղեակ է սրտի կաթուածի նախանշաններուն, որոնք կ՛արտայայտուին տարբեր ձեւերով` նայած տուեալ անձի սեռին: Օրինակ տղամարդոց մօտ այդ նախանշաններէն առաջինն ու կարեւորը կրծքավանդակի հատուածին ուժեղ ցաւի զգացումն է: Մինչդեռ իգական սեռին պարագային` այդ ախտանիշը պարտադիր պայման չէ:

Հիւանդութեան յառաջացման հարցով մեծ դեր կը խաղայ ծխելու հանգամանքը, քանի որ ծխող կիները չորս անգամ աւելի ենթակայ են սրտի կաթուածի, քան չծխողները:

Սրտաբանները կիներուն մօտ սրտի կաթուածէն մահացութիւններու թիւը նուազեցնելու համար կոչ կ՛ուղղեն` ստուգելու արեան ճնշումը, քոլեսթերոլը, շաքարի տոկոսը, եւ այլն… Առողջարար սննդակարգը, մարզանքը եւ բնականոն կշիռքը լաւագոյն տարբերակն են սրտի կաթուածէ խուսափելու:

6 նախանշանները

Մասնագէտ սրտաբանները ներկայացուցած են այն 6 նախանշանները, զորս կիները պէտք չէ անտեսեն եւ անոնց առկայութեան պարագային դիմեն բժիշկին.

1.- Շնչառութեան դժուարութիւն
2.- Ուսերու, ձեռքերու, մէջքի կամ ծնօտի ցաւ
3.- Անբացատրելի, անհիմն յոգնածութիւն
4.- Չափազանց քրտնարտադրութիւն
5.- Սիրտ խառնուք եւ գլխացաւ
6.- Անհանգստութեան զգացում

Սրտաբաններու խօսքով` ճիշդ ժամանակին ցուցաբերուած բժշկական օգնութիւնը կրնայ 50 տոկոսով նուազեցնել կիներու սրտի կաթուածէ մահանալու հաւանականութիւնը:

 

Առողջապահական

Վարունգը` Զովացնող
Լաւագոյն Ուտելիքը

«Տը Թելեկրաֆ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, ամերիկացի գիտնականները յանգած են այն եզրակացութեան, թէ վարունգով պատրաստուած սենտուիչները ամէնէն աւելի զովացնող եւ տաքին մարմնի ջերմաստիճանը հաւասարակշռող ուտելիքներն են:

Յօդուածը կ՛ընդգծէ, որ նոյն գիտնականներուն կատարած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, վարունգը կ՛օգնէ, որ տաք եղանակին մարդուն մարմինը չզրկուի ջուրէ եւ պահպանէ անոր հանքանիւթերն ու կենսանիւթերը:

Գալով շատերուն սիրելի պաղպաղակին, ամերիկացի մասնագէտները կը նշեն, որ անիկա վարունգով սենտուիչներէն նուազ արդիւնաւէտ է: Անոնց կարծիքով, տաք օրերուն սառ-ջուր խմելն ալ զովանալու ազդու միջոց չէ. ընդհակառակը` ջուրը պէտք է ըլլայ սենեկային ջերմաստիճանով:

Վերջապէս «Տը Թելեկրաֆ»-ի յօդուածին համաձայն, տաք եղանակին զովացնող յատկութիւններ ունին նաեւ թէյը, գարեջուրը եւ հիւթեղ պտուղներն ու բանջարեղէնները:

 

Նորաձեւութիւն

Յառաջիկայ Աշնան Ու Ձմրան
Մազի Յարդարանքները

 

 

 

 

Փլաթին, շագանակագոյն, ոսկեգոյն… Ասոնք են յառաջիկայ եղանակի մազի նորաձեւութեան տիրական գոյները: Ինչ կը վերաբերի մազի կտրուածքներուն եւ սանտրուածքներուն, պիտի հանդիպինք կարճ եւ երկար, սահուն եւ ալեձեւ մազերու:

Ընդհանրապէս ճակատները բաց են, եւ մազերը դէպի վեր կամ ետեւ սանտրուած, սակայն ճակատը ծածկող «ֆրանժ»-ները բացառուած չեն:

Այսուհանդերձ, ինչ ալ ըլլան մեծ վարսայարդարներուն «վճիռ»-ները, մեզի կը մնայ սերտել մեր դէմքին ձեւը, մորթին գոյնը եւ ֆիզիքական այլ տուեալներ, ապա միայն մեր գլուխը յանձնել վարսայարդարին…

 

Խոհագիր

Խնձորով Եւ Այծի Պանիրով
Աղցան

 

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

- 2 հատ կոլտըն խնձոր
- 150 կրամ այծի պանիր
- 2 ապուրի դգալ ձէթ
- 1 ապուրի դգալ քացախ
- Քաղցր, կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Սեղան բերելէ 20 վայրկեան առաջ լուալ խնձորները եւ առանց կեղուելու խորանարդաձեւ կտրտել, նոյնպէս` պանիրը:

Խնձորն ու պանիրը փոխադրել աղցանի յատուկ ամանի մը մէջ, աւելցնել պղպեղը, ձէթն ու քացախը: Զգուշութեամբ խառնել եւ քառորդ ժամ ձգել զով տեղ մը, ապա սեղան բերել:

Աղցանը կարելի է զարդարել մանրուած ընկոյզով կամ սնոպարով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անդարձութիւն

Մենք բաժանուած ենք: Օրերի փոշին
Դեռ չի աղօտել քո դէմքը գունատ.
Բայց ես օտար եմ արդէն այն յուշին,
Ուր վեհ էր երազն ու բախտը ժլատ:

Սառն աչքերով եմ նայում ես հեռւում
Մեռած օրերիս ցնորքին հիմա.-
Ուրիշից լսած մի երգ է թւում,
Ու թէ՛ քաղցր է, բայց իմը չէ նա:

Մենք մնաս բարով չասինք իրարու,-
Ի՞նչ կարիք ի զուր տանջուել ու տանջել:
Մեզ կեանքը նետեց միմեանցից հեռու,
Եւ մենք չուզեցինք մէկմէկու կանչել:

Տարիներն անցան, եւ հին օրերին
Նայում եմ ահա անտարբեր սրտով,
Եւ որպէս գերին հլու իր բեռին,
Տանում եմ կեանքի օրերն անվըրդով:

Էլ ոչ մի կանչի ես ձայն չեմ տալիս
Ու եթէ յանկարծ խօսքերըդ հնչեն,
Եթէ տեսնեմ քեզ վերադառնալիս,-
Քեզ ինչպէ՞ս կանչեմ.- ես այն չե՛մ, այն չե՛մ:

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

(1911)

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՒՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Leave a Reply

Advertisement