Friday May 24, 2013

Լիթուանիոյ Դեսպանը Հրաժեշտի Այցելութիւն Տուաւ Նախագահ Սարգսեանին

By adminx - Wed Aug 29, 8:00 am

Դեսպան Ափուոքաս եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Լիթուանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կետրիուս Ափուոքասի հետ:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց,  որ հայ-լիթուանական յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն զգալիօրէն աշխուժացած է քաղաքական երկխօսութիւնը, եւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը որակական նոր մակարդակի բարձրացած է: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ այդ բոլորին մէջ մեծ է դեսպան Կետրիուս Ափուոքասի ներդրումը: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ յաջորդ դեսպանը յաջողի արձանագրուած յառաջընթացը պահպանել եւ աւելի զարգացնել:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց եւրոպական համարկման ճամբուն վրայ Հայաստանին Լիթուանիոյ ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ եւրոպական կառոյցներուն հետ համագործակցութեան հարցին մէջ փորձառութեան փոխանակումը: Հայաստանի նախագահը եւ Լիթուանիոյ դեսպանը կարեւոր նկատեցին հայ-լիթուանական համագործակցութեան զարգացումը նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement