Thursday Jun 20, 2013

Եւրասիական Միութեան Հայաստանի Հաւանական Անդամակցութիւնը Մտահոգութեան Տեղի Կու Տայ

By adminx - Wed Aug 29, 7:59 am

Ստեփան Գրիգորեան

Լեւոն Շիրինեան

Մեծ պետութիւններու միջեւ մրցավազքը յաւերժական շարժիչի կը նմանի, այնպէս չի պատահիր, որ անոնք պահ մը կանգ առնեն: Իսկ քաղաքագէտներու խնդիրն ալ այդ շահերը հաշուարկելը եւ անոնց արանքին ոչ «մեծ պետութիւններու» շահերը տեղաւորելն է:

Ըստ «Երկիր Մետիա»-ի, երէկ երկու հայ քաղաքագէտներ` Ստեփան Գրիգորեան եւ Լեւոն Շիրինեան, ոչ միաժամանակ, սակայն նոյն մամլոյ ակումբին մէջ ժամերու տարբերութեամբ ներկայացուցին այդ շահերը, որոշ պարագաներուն ալ Հայաստանի շահեկան վիճակի համար արտաքին քաղաքականութեան տարբերուող ուղիներ մատնանշեցին:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերը Եւրասիական միութիւն հիմնելու ուղղութեամբ Շիրինեանի համար պատճառաբանուած են` Ռուսիան կը ցանկայ երկբեւեռ աշխարհին մէջ դառնալ բեւեռներէն մէկը: Իսկ անոր գործընկերոջ` քաղաքագէտ Գրիգորեանի կարծիքով` Հայաստանի մէջ այդ միութեան հիմնադրման համարժէք չէ արձագանգը:

«Եւրասիական գաղափարը մարտահրաւէր է, կրնանք քննարկել եւ վերջ: Բայց այն, ինչ որ եղաւ այստեղ, այն աղմուկը, որ բարձրացուցին, չի համապատասխաներ այդ գաղափարին: Այդ գաղափարին մէջ գլխաւոր միտքերը տակաւին չեն ներդրուած», ըսաւ Համաշխարհայնացման եւ շրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան:

Մինչդեռ Շիրինեանի կարծիքով, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ յատուկ խումբ մը պէտք է ստեղծուի` քննարկելու այդ հարցը:

«Եւրասիական միութեամբ Խորհրդային միութիւնը չի վերականգնիր», ըսաւ Շիրինեան, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները նոյնիսկ այս հարցին մէջ կրնան իրենց նախապայմանները առաջ քաշել: Օրինակ` Նախիջեւանի հարցը:

«Նախիջեւանի հարցը պէտք է մէջտեղ բերուի` իբրեւ հայկական հարցի բաղադրիչ: Ես կ՛ուզեմ մէջբերել ռուս քաղաքագետ Տելքաչեւը, որ կ՛ըսէր, որ ժամանակին Նախիջեւանը յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին դաւադիր եւ գաղտնի համաձայնութեամբ», աւելցուց Լեւոն Շիրինեան:

«Եթէ պետութիւն մը այստեղ իշխէ, նշանակութիւն չունի` իքս կամ իկրեկ, կրնայ լուծել բոլոր հարցերը` ինչպէս Ղարաբաղինը: Պոլշեւիկները Կարսը տուին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանին ալ` Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը: Ես չեմ ուզեր, որ ատիկա կրկնուի», ըսաւ Ստեփան Գրիգորեան:

Երկու քաղաքագէտներն ալ նկատեցին, որ պէտք է աշխուժօրէն համագործակցիլ թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Ռուսիոյ հետ, եւ երկուքին պարագային ալ մեկնակէտը Հայաստանի ազգային շահը պէտք է ըլլայ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement