Thursday May 16, 2013

Փարիզի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատունը Պիտի Ուսումնասիրէ Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Ֆրանսական Դասագիրքը

By adminx - Wed Aug 29, 7:53 am

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը որոշած է ուսումնասիրել Ֆրանսայի միջնակարգ դպրոցներու պատմութեան ու աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ ներառուած նիւթերը եւ անոնց վերաբերեալ զեկուցում պատրաստել:

«Ուսումնասիրութիւններէն ետք արդէն յստակ պիտի ըլլան մեր հետագայ ընելիքները», յայտարարած է Փարիզի մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու:

Պաղըշ Ֆրանսայի Կոչ Կ՛ուղղէ

Էկեմեն Պաղըշ

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Էկեմեն Պաղըշ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսա «սխալ չարտօնէ» եւ միջնակարգ դպրոցներու դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գլուխներ չներառէ:

«Պատմական փաստերը խեղաթիւրելու փոխարէն աւելի լաւ է, որ Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, առաւել ջանք ներդրէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման ուղղութեամբ», ըսած է ան:

Պաղըշ նշած է, որ Ֆրանսան այդ ձեւով թուրքերուն նկատմամբ ատելութիւն կը սերմանէ` յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսան վայրկեան մը առաջ ետդարձ կատարէ այդ որոշումէն:

Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ «ամօթալի ցեղասպանութիւններ» չեն եղած: Ան մէջբերած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի խօսքերը եւ յայտարարած, որ թուրքերը կը փորձեն «աշխարհի վրայ սէր եւ խաղաղութիւն տարածել»:

Նշենք, որ ըստ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի որոշումին, ֆրանսական դպրոցներու պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ պիտի ներառուին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող գլուխներ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement