Նասա-ի «Քիւրիոզիթի» Տիեզերական Սարքի Ծրագիրին Վրայ 16 Հայեր Աշխատած Են
By adminx - Wed Aug 29, 7:50 am
- 2 Comments
- 221 views
- Tweet
Email
Print
ՆԱՍԱ-ի Հրատի վրայ էջք կատարած «Քիւրիոզիթի» (Հետաքրքրութիւն. «Ա.») սարքի ծրագիրին վրայ աշխատած են 16 հայեր` Աւօ Տեմիրճեան, Վաչէ Օրբելեան, Ալֆրետ Խաշաքի, Ֆելիքս Սարգիսեան, Հրայր Այնթապլեան, Կարէն Խանոյեան, Ռիչըրտ Օհանեան, Սերժիկ Ծատուրեան, Վազրիկ Ղարախանեան, Հենրիկ Յարութիւնեան, Արբի Կարապետեան, Լուսի Աբրահամեան եւ Ճուլիա Իսպիրեան:
Աւելի՛ն, ամերիկահայ ժամագործ Կարօ Անսըրլեան հեղինակած է Հրատի ժամացոյցը` Հրատ մոլորակի մէջ ժամանակը ցոյց տուող ամէնէն ճշգրիտ սարքը: Ան Միացեալ Նահանգներու Տիեզերագնացութեան գործակալութեան` ՆԱՍԱ-ի «Քիւրիոզիթի» նախագիծի անդամներէն կը նկատուի:
ՆԱՍԱ-ի սարքը Հրատ մոլորակին մէջ ժամանակը չափելու համար կ՛օգտագործէ Անսըրլեանի պատրաստած ժամացոյցը, որ առաւելագոյն ճշգրտութիւն ունի` Կարմիր մոլորակին մէջ ժամանակային առանձնայատկութիւններուն նկատառումով:
Հրատի վրայ, Երկիր մոլորակի չափանիշերով, օրը բաղկացած է 24 ժամ 39 րոպէ 35 վայրկեանէ, ինչը 2,7 առ հարիւր երկար է երկրային ժամանակէն: Նախապէս Զուիցերիոյ ժամագործները յայտարարած են, որ անկարելի է Հրատի համար ճշգրիտ ժամացոյց ստեղծել, որմէ ետք ՆԱՍԱ-ն դիմած է Անսըրլեանին: Վերջինս կ՛աշխատի Քալիֆորնիոյ Մոնտրոս քաղաքին մէջ, կը ղեկավարէ «Էքզեքիւթիւ Ճիւուըլըրզ» ընկերութիւնը:
Անսըրլեան «հրատեան» ժամացոյցներու ստեղծման ուղղութեամբ կ՛աշխատի 2004-էն ի վեր: Ժամացոյցի ստեղծման համար ան տրամադրած է 2 ամիս ժամանակ: Մինչեւ օրս նշեալ ժամացոյցէն շուրջ 1000 նմուշ ծախուած է, իսկ ժամացոյցին սակը 295 տոլար է:
Անսըրլեանի ժամացոյցները օգտագործուած են նաեւ 2004-ին Հրատ ուղարկուած «Օփորչիունիթի» (Առիթ. «Ա.») սարքին վրայ:
- 2 Comments
- 221 views
- Tweet
Email
Print





Պարապի չէ որ կըսենք «քիչ ենք բայց Հայ ենք»
Հեռու մոլորակներով զբաղող հայուն թիւ խիստ հպարտալի՛մոլորած հայուն տուն կանչողին թիւը խղճալի: