Sunday May 19, 2013

Մուրսի Սուրիական Տագնապի Լուծման Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Պիտի Ներկայացնէ Չինաստանի Նախագահին

By adminx - Wed Aug 29, 7:30 am

Մոհամետ Մուրսի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիոյ փոխանցման կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք պիտի ճանչնայ զայն, սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` նախքան փոխանցման կառավարութեան կազմութիւնը սկսելու աւելի լաւ կազմակերպուելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեցինք Սուրիոյ մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող սուրիացիներու աշխատանքը աւելի լաւ կերպով համակարգելու եւ նախ եւ առաջ որդեգրելու քաղաքական փոխանցման ծրագիր մը, որ իրողապէս առաջարկուած է» Ժընեւի մէջ` յունիսի վերջաւորութենէն ի վեր:

«Անոնց առաջին ընելիքը պէտք է ըլլայ քաղաքական փոխանցման շուրջ համաձայնիլ», ըսաւ ան` նշելով, որ ատկէ ետք այդ ընդդիմադիրները «անպայման պէտք է ճշդեն փոխանցման կառավարութեան անդամներ ընտրելու ժամանակը»:

Ըստ Նուլընտի, Եգիպտոս իր առաջարկած Սուրիոյ շուրջ շրջանային ժողովին Իրանը մասնակից դարձնելէ ետդարձ կատարած է, որովհետեւ մնացեալ երկիրները Իրանի մասնակցութեան դէմ են:

Սակայն Եգիպտոսի նախագահական բանբեր Եասեր Ալի յայտնեց, որ «Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի սուրիական տագնապի լուծման գծով առաջարկուած եգիպտական նախաձեռնութիւնը պիտի ներկայացնէ Չինաստանի նախագահին, որպէսզի սուրիական տագնապին վերջ տալու խաղաղ լուծումին աջակցի»` նշելով, որ «այցելութեան նպատակներուն շարքին է Չինաստանի կոչ ուղղել` միջամտելու եւ մասնակցելու Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք Սուրիոյ մէջ կացութեանց կարգաւորման»:

Ալի նշեց, որ «եգիպտական նախաձեռնութիւնը կը ներառէ հարցին առնչակից շրջանային չորս կողմեր, որոնք են` Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան, Իրանը եւ Թուրքիան»: Ան ըսաւ, որ յառաջիկայ օրերուն ռուսական եւ եգիպտական ղեկավարութեանց միջեւ նոյն հարցով հանդիպումներ եւ այցելութիւններ նախատեսուած են` նշելով, որ «տագնապի լուծման համար եգիպտական-սուրիական ոչ պաշտօնական երկխօսութիւն գոյութիւն ունի»:

Եգիպտոսի նախագահական բանբերը նաեւ շեշտեց, որ «Եգիպտոս կը մերժէ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու համար զինուորական միջամտութիւնը, որովհետեւ վերջին տագնապը պիտի բարդացնէ»:

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դաշնակիցները պէտք է զինք իշխանութենէն հեռացնելու օժանդակեն:

Մուրսի ըսաւ, որ «ժամանակն է, որ այս արիւնահեղութիւնը դադրի, սուրիացի ժողովուրդը իր ամբողջական իրաւունքը ստանայ եւ իր ժողովուրդը սպաննող այս վարչակարգը տեսադաշտէն հեռանայ»: Ան աւելցուց, որ «մենք ասկէ առաջ բազմիցս յայտարարեցինք, որ Չինաստանի, Ռուսիոյ կամ այլ պետութեանց մէջ սուրիացի ժողովուրդին բարեկամները» պէտք է սուրիացի ժողովուրդին շարժումին զօրակցին:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին լուծման վերաբերեալ Թեհրանի առաջարկները շատ կարեւոր են»` նշելով, որ ինք «իրանական-պահրէյնեան յարաբերութեանց ոսկեայ ժամանակաշրջանին վերադարձին նկատմամբ լաւատես է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը հերքեց, թէ իր երկիրը սուրիացի գաղթականներուն առջեւ սահմանը փակած է` նշելով, որ «այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, անոնց բնակարաններ ապահովելու փորձ մըն է»: Ան նաեւ նշեց, որ «գաղթականներուն համար Սուրիոյ մէջ ճամբարներու ստեղծման կարելիութիւնը կը սերտենք»:

Մինչ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ յայտարարեց, որ «Թուրքիա շրջանին մէջ ՕԹԱՆ-ի շահերը կը ներկայացնէ եւ արաբական միասնութիւնը հարուածելու կ՛աշխատի», Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Ամերիկան ընդդիմադիր զինեալները Ասատի դէմ կռուելու քաջալերող գլխաւոր կողմն է, իսկ միւսները գործիքներ են: Ան ըսաւ, որ ամերիկացիք Սուրիան կ՛օգտագործեն Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի ազդեցութեան դէմ դնելու համար` աւելցնելով, որ «արեւմուտքցի պատուիրակներ այս տագնապին սկիզբէն ի վեր մեզ տեղեակ պահեցին, որ այս տագնապին ետին գտնուող հիմնական ազդակները Սուրիա-Իրան, Սուրիա-Հըզպալլա եւ Սուրիա-Համաս յարաբերութիւններն են»:

Միւս կողմէ, ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով արեւմտեան լրատուամիջոցներուն, որոնք իրենց կարգին կը վկայակոչեն լաւատեղեակ զինուորական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ բրիտանական մասնայատուկ ուժերու 200 անդամներ մուտք գործած են Սուրիա` քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու պահեստի վայրերու ճշգրիտ դիրքը յստակացնելու համար: Անոնց զուգահեռ Սուրիոյ մէջ նոյն նպատակով կը գործեն ամերիկեան եւ ֆրանսական մասնայատուկ ուժերու անդամներ:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը անցեալ շաբաթ յայտնած էր, որ Փենթակոն սուրիական քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու գաղտնի ծրագիր ունի:

Ապահովական գետնի վրայ, Ռիֆ Տիմաշքի Ճարամանա շրջանին մէջ երկու անձերու յուղարկաւորութեան ընթացքին ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը 12 զոհ եւ 48 վիրաւոր պատճառեց, իսկ Հալէպի մէջ, ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, սուրիական բանակը Սէյֆուլ Տաուլա թաղամասը զինեալներէ ձերբազատած է, իսկ Իզահա թաղամասին մէջ կը յառաջանայ:

 

Leave a Reply

Advertisement