Tuesday May 21, 2013

Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Շարժումի Վեհաժողովի Բանաձեւը

By adminx - Wed Aug 29, 7:29 am

Թեհրանի մէջ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի մասնագէտներու յանձնախումբ մը պատրաստեց բանաձեւ մը, որ կը զօրակցի միջլիբանանեան Տոհայի համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ազգային երկխօսութեան հրաւէրին: Բանաձեւը բուռն կերպով կը դատապարտէ 2006-ին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յարձակումը, ինչպէս նաեւ վերջինիս կողմէ շարունակ լիբանանեան գերիշխանութիւնը խախտելը: Բանաձեւը զօրակցեցաւ Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի եւ Ղաժարի մէջ իր բռնագրաւուած հողերուն վերատիրանալու Լիբանանի իրաւունքին` իբրեւ գործադրութիւն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկեւսուրիական երկխօսութեան, կ՛ողջունէ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութիւնը եւ սուրիական կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ անոր առաքելութիւնը դիւրացնելու: Բանաձեւը կը քննադատէ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները եւ կը մերժէ Սուրիոյ մէջ որեւէ արտաքին միջամտութիւն:

Բանաձեւը կը քննադատէ պաղեստինեան հողամասերուն եւ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ հրեայ բնակեցուածներուն արշաւն ու Իսրայէլէն կը պահանջէ անմիջապէս քակել Կազայի շրջափակումը:

 

Leave a Reply

Advertisement