Քըլըճտարօղլու. «Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Սուրիոյ Անկախ Եւ Գերիշխանութիւն Վայելող Պետութեան Կողքին Կը Կանգնի»
By adminx - Wed Aug 29, 7:28 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յղեց գրաւոր նամակ մը, որուն մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարը կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ իրադարձութեանց եւ Թուրքիոյ վրայ անոնց ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապի լուծման համար շարք մը առաջարկներ կը ներկայացնէ:
Քըլըճտարօղլու կը գրէ, որ «Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Սուրիոյ անկախ ու գերիշխանութիւն վայելող պետութեան եւ անոր հողային ամբողջականութեան պահպանման կողքին կը կանգնի, ուստի կարեւոր է, որ Թուրքիա խաղաղութեան ու հաշտութեան քաղաքականութեան հետեւի եւ աշխատանք տանի բռնարարքներուն վերջ տալը կարելի եղածին չափ շուտ ապահովելու, որպէսզի այդ ժխտական զարգացումները մեր երկրին մեծ վնասներ չպատճառեն»:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print




