Իսրայէլի Զինուորական Հետախուզութեան Պետը Շրջանին Մէջ Պատերազմ Կը Նախատեսէ
By adminx - Wed Aug 29, 7:27 am
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսական «Vz.ru» կայքէջը` վկայակոչելով ԻՖԻ-ն, կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի զինուորական հետախուզութեան պետ Աւիւ Քոչաւի մօտիկ ապագային Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմ կը նախատեսէ:
«Ճգնաժամերու շարքը, որ կը բարձրացնէ շրջանի երկիրներուն անկայունութեան մակարդակը, կրնայ առանց նախազգուշացման պատերազմի յանգեցնել», կ՛ըսուի Քոչաւիի երէկ հրապարակած զեկուցումին մէջ:
Ըստ նշեալ փաստաթուղթին, յառաջիկայ հրէական տարուան (ներկայ տարին կ՛աւարտի երեք շաբաթէն) ընթացքին շրջանը պիտի ըլլայ «առաւել անկայուն, լարուած եւ իսլամական, քան նախապէս էր»:
Քոչաւիի զեկուցումը, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտին կողմէ վաւերացուելէ ետք, առ ի քննարկում պիտի ներկայացուի կառավարութեան:
Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակը սկսաւ մարզուելու եւ ռազմափորձեր կատարելու` առ ի պատրաստութիւն Իսրայէլի քիմիական զէնքերով յարձակումի ենթարկուելու կարելիութեան:
Իսրայէլեան բանակէն բանբեր մը իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «այս լայնածաւալ ռազմափորձերը պիտի կատարուին Իսրայէլի տարբեր վայրերուն մէջ եւ կը ներառեն վիրաւորներ ու զոհեր փոխադրելու, ինչպէս նաեւ հրթիռներու հարուածներու պատճառով բնակչութեան տարհանումի գործողութիւններ»:
Ան նշեց, որ ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին «Քատիմ» զօրաբաժինի հարիւրաւոր զինուորներ:
Նշենք, որ Իսրայէլի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց նախապէս յայտարարած էր, թէ ան, որ կը փորձէ Իսրայէլի դէմ յարձակում գործել, անոր զօրութիւնը պիտի տեսնէ` աւելցնելով, որ ներկայիս Իսրայէլի դէմ ուղղուած սպառնալիքները անոր իսկական զօրութեան վերաբերեալ սխալ վարկածներու վրայ հիմնուած են:
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print




