Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կողմէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Առիթով Իրագործուելիք Շինարարական Ծրագիրներ
By adminx - Wed Aug 29, 7:23 am
- 0 Comments
- 131 views
- Tweet
Email
Print
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ նաեւ նկատի առնուած են շինարարական կարեւոր ծրագիրներ, որոնք յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին պիտի իրագործուին Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ կաթողիկոսարանի ճարտարապետներու անմիջական հսկողութեան ներքեւ:
Պիքֆայայի Յուշարձանի Վերանորոգում
Եւ Շրջապատի Ընդլայնում
1965-ին Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով համազգային ճիգով ու մասնակցութեամբ բարձրացաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան յուշարձանը Պիքֆայայի մէջ: Յուշարձանին քանդակագործն է Զաւէն Խտըշեան:
100-ամեակին առիթով վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ կաթողիկոսարանը որոշեց ընդարձակել յուշարձանի շրջապատը եւ նոր ծրագիրներով աւելի փայլք ու կարեւորութիւն տալ յուշարձանին եւ անկէ եկող խորհուրդին ու պատգամին: Այս գծով հետեւեալ ծրագիրները մշակուած են. ա) Յուշարձանը ենթարկել վերանորոգումի: բ) Իր շրջապատը ընդլայնել եւ հոն առաջնորդող ճամբան սալայատակել: գ) Յուշարձանին կից, պատին վրայ զետեղել Հայոց ցեղասպանութեան քարտէսը: դ) Յուշարձանին մօտ խորան շինել` նուիրուած մեր նահատակներուն: ե) Դէպի յուշարձան առաջնորդող ժայռերը եւ պատերը զարդարել հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ եւ Ցեղասպանութեան առնչուած խորհրդանիշերով: զ) Դէպի վանքը առաջնորդող մուտքն ու ճամբան ընդլայնել:
Շինարարական այս աշխատանքները բնականաբար կ՛ենթադրեն նիւթական կարեւոր ներդրում: Վեհափառ հայրապետին մօտեցումը այն է, որ յիշուած իւրաքանչիւր բաժին ունենայ իր բարերարը: Արդէն երեք ազգայիններ իրենց յանձնառութիւնը կատարած են այս ուղղութեամբ: Նկատի ունենալով այս մեծ ծրագիրին համազգային կարեւորութիւնը` թելադրելի է, որ մեր ունեւոր ազգայինները կա՛մ մասնակից դառնան շինարարական ծախսերուն եւ կա՛մ յանձն առնեն մնացեալ շինարարական ծրագիրներու իրագործումը:
Ցեղասպանութեան Թանգարան`
«Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ
«Թռչնոց բոյն»-ի կառոյցին մէջ կը գտնուի հաստատութեան ամենահին շէնքը, որ նաեւ իբրեւ ճարտարապետական կառոյց պատմական-հնագիտական արժէք ունի: Վեհափառ հայրապետին եւ ազգային կեդրոնական վարչութեան որոշումով, յիշեալ շէնքը պիտի վերածուի Ցեղասպանութեան թանգարանի: Թանգարանին մէջ պիտի զետեղուին ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան եւ յատկապէս որբերու ու այդ շրջանի մեր ժողովուրդի գաղթական զաւակներուն կեանքին առնչուած իրեր, նկարներ, յուշագրութիւններ եւ այլն: Վստահաբար մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ տակաւին կը գտնուին իրեր կամ նկարներ` Ցեղասպանութեան շրջանին առնչուած: Կոչ կ՛ուղղենք, որ անոնք փոխանցուին Ցեղասպանութեան թանգարանին:
Յիշեալ ծրագիրին բարերարն է Իտալիայէն ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեանի զաւակը` Արամ Պեզիկեան:
Անթիլիասի Նահատակաց Մատրան
Վերանորոգում
Անթիլիասի Նահատակաց մատուռը շինուած է 1938-ին: Ան վերանորոգուած է 1993-ին եւ
2007-ին: Մատուռը պիտի ենթարկուի ամբողջական եւ հիմնական վերանորոգումի: Վերանորոգումի ծախսերը պիտի հոգացուին իտալահայ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեանի զաւկին` Զարեհ Պեզիկեանի կողմէ:
Յիշեալ երեք ծրագիրներուն գծով գործնական աշխատանքները արդէն սկսած են:
- 0 Comments
- 131 views
- Tweet
Email
Print



