Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Ուորլտ Վիժըն»-ի Ներկայացուցիչները
By adminx - Wed Aug 29, 7:20 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
Երկուշաբթի, 27 օգոստոս 2012-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ «Ուորլտ Վիժըն»-ին տնօրէնները` իրենց օգնականներով: Այցելութեան նպատակն էր նախ վեհափառ հայրապետին պարզել «Ուորլտ Վիժըն»-ի կատարած աշխատանքները շրջանին մէջ, ապա իմանալ իր տեսակէտները եւ թելադրութիւնները:
Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր արժեւորում մը կատարելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու կարիքներուն` կարեւորութեամբ շեշտեց ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը: Վեհափառը, գնահատելով «Ուորլտ Վիժըն»-ի կատարած աշխատանքները, յիշեցուց անոնց, թէ անհրաժեշտ է տեղական եկեղեցիներուն հետ խորհրդակցիլ` իմանալու անոնց կարիքները եւ համապատասխան կերպով ծրագրելու «Ուորլտ Վիժըն»-ի աշխատանքները: Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը թելադրեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի ու Սուրիոյ յատուկ կարեւորութիւն տրուի:
«Ուորլտ Վիժըն»-ը միջազգային մարդասիրական քրիստոնէական կազմակերպութիւն մըն է: Ան գրասենեակներ ունի աշխարհի զանազան շրջանները:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print



