Ճատրակ. Հինգ Հայ Ախոյեաններ Կը Մասնակցին Միջերկրականեան Խաղերուն
By adminx - Tue Aug 28, 6:04 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print

Ձախէն աջ` Քարլօ Դարբինեան, Նանօր Առնելեան, Հրակ Լախեան, Նարօտ Գըլըպոզեան եւ Հրակ Գըլըպոզեան Լուսանկարը տրամադրեց` ՍԱԳՕ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
Երէկ` երկուշաբթի, 27 օգոստոսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Կրետէ (Յունաստան) մեկնեցաւ Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Միջերկրականեան խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 28 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Ալի Ժաուիշ:
Նշենք, որ Յունաստան մեկնեցան բոլոր անոնք, որոնք Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան (երկսեռ) հանդիսացան ախոյեան:
Անոնց կարգին են հինգ հայեր: Անոնք են` Նանօր Առնելեան (8 տարեկանէն վար), Հրակ Լախեան (8 տարեկանէն վար), Նարօտ Գըլըպոզեան (10 տարեկանէն վար), Քարլօ Դարբինեան (12 տարեկանէն վար) եւ Հրակ Գըլըպոզեան (14 տարեկանէն վար):
Յաջողութիւն կը մաղթենք Լիբանանի պատուիրակութեան եւ ի մասնաւորի` հինգ հայ ճատրակ խաղացողներուն: Յոյսով ենք, որ անոնք Պէյրութ կը վերադառնան` Կրետէի մէջ եւս խլելով առաջնութիւններ:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



