Կացութիւնը` Հալէպի Հայաշատ Թաղամասերուն Մէջ
By adminx - Tue Aug 28, 7:54 am
- 0 Comments
- 616 views
- Tweet
Email
Print
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Հալէպի մէջ բախումները, մասնաւորաբար ամբողջովին հայաբնակ Նոր Գիւղի եւ Մայսալունի շրջանի հայկական Սուլէյմանիէ թաղամասերուն մէջ տակաւին կը շարունակուին: Հայ համայնքին մէջ նոր զոհեր չկան, այլ միայն վիրաւորներ:
Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին կարգ մը հայկական կառոյցներ ու գործատեղիներ ունեցող հայաշատ թաղամասեր ենթարկուած են հրթիռարձակումներու եւ կրակոցներու, ինչպէս նաեւ ուղղակի բախումներու շրջան դարձած են. յատկապէս կարելի է նշել Ճիտէյտէի, Թիլելի եւ յարակից թաղերը, ուր կը գտնուին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, դպրոցներ, եւ այլն:
Պոսթան Փաշայի շրջանը վերածուած է հակամարտող կողմերու միջեւ սահմանագիծի: Շրջանին մէջ կը գտնուի Հայկական ծերանոցը, որ նիւթական վնասներ ունի, սակայն ծերերը կը գտնուին ապահով վիճակի մէջ, թէեւ պատահած է, որ ընդդիմադիր զինեալներ որեւէ պէտքի համար մուտք գործեն եւ դուրս քան ծերանոցէն:
Սուլէյմանիյէ թաղամասին մէջ շատ յաճախ կը լսուին կրակոցներ: Նոյնն է պարագան նաեւ Նոր Գիւղի մէջ, ուր կը գտնուին Ազգային ճեմարանը, Զաւարեան եւ Սահակեան վարժարանները, Հայկազեան մանկապարտէզը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Շրջանին մէջ եւս եղած են կրակոցներ եւ արձանագրուած են վիրաւորներ:
Սուրիահայ շտապ օգնութեան Հալէպի մարմինի տղաքը կը հասնին օգնութեան, ուր որ պէտք է: Մարմինը իր ներհամայնքային եւ միջյարանուանական դրուածքով կը փորձէ հասնիլ հոն, ուր կարիք կայ, եւ մեծ թիւով սննդեղէնի ծրարներ փոխանցած է ժողովուրդին: Տղաքը նաեւ կը նպաստեն վտանգուած շրջաններէն իրենց ազգակիցներուն անվտանգ դուրս բերման, ինչպէս որ այդպիսի դէպքեր տեղի ունեցած են Ճիտէյտէի մէջ թէ այլուր:
Ռէյիսեան յայտնեց, որ «յոյս ունինք, որ օգնութեան շտապի եւ ժողովուրդի տոկունութեան շնորհիւ, մարդիկ կարենան դիմակայել այս անբնական դժուարութիւնները»:
- 0 Comments
- 616 views
- Tweet
Email
Print



