Wednesday May 22, 2013

Նալբանդեան Ընդունեց Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պետական Քարտուղարը

By adminx - Tue Aug 28, 7:48 am

Ընդլայնուած հանդիպում` Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութեան հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Մարթա Տասսուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ հայ-իտալական բարեկամական կապերը դարերու պատմութիւն ունին եւ լաւ հիմք են արդիւնաւէտ ու բազմոլորտ համագործակցութիւն ծաւալելու համար, ինչպէս նաեւ գոհունակութեամբ ընդգծեց վերջին տարիներուն ընթացքին տարբեր ուղղութիւններով երկկողմանի համագործակցութեան խորացումը եւ զարգացումը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, Մարթա Տասսու նշեց, որ ուրախ է Երեւան այցելելու` քննարկելու երկկողմանի համագործակցութեան յաւելեալ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը: Նալբանդեան եւ Տասսու կարեւոր նկատեցին նախորդ տարեվերջին Հայաստանի նախագահի այցելութիւնը Իտալիա եւ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութեան: Կողմերը քննարկեցին նաեւ առեւտրատնտեսական, գիտական, մշակութային եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ներկայ ընթացքը եւ այդ մարզին մէջ նախատեսուող զարգացումները:

Նախարար Նալբանդեան Տասսուի ներկայացուց արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները: Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցեր:

 

Leave a Reply

Advertisement