Thursday May 23, 2013

Սլէյման Քննարկեց Պապին Լիբանան Այցելութեան Նախապատրաստական Աշխատանքները

By adminx - Tue Aug 28, 7:40 am

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան կազմակերպման համար նշանակուած յանձնախումբին նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին կատարուելիք այդ այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի նախագահ, նախարար Նազեմ Խուրի, պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` հակակշիռի տակ առնել կարենալու համար գործուած օրինազանցութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն փոխանցելու յանցագործները:

Նախագահ Սլէյման զօր. Քահուաժիի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուածները ազատ արձակելու հեռանկարները:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ամին Ուեհպէ, նախկին նախարար Ռոժէ Տիպ եւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ:

Leave a Reply

Advertisement