Tuesday May 21, 2013

Վ. Սապունճեան Կը Ծրագրէ Տնտեսական Դռնփակ Հանդիպում Մը

By adminx - Tue Aug 28, 7:38 am

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ յայտնեց, որ ինք կը ծրագրէ նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ պիտի գումարուի տնտեսական դռնփակ հանդիպում մը` պետական եւ սեփական մարզերու տնտեսագէտներուն եւ տնտեսական մարզերու մէջ գործող պաշտօնատարներուն համար:

Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ պէտք է սերտել ներկայ հանգրուանը եւ յարմար առաջարկներ ներկայացնել այդ առումով:

Վ. Սապունճեան աւելցուց, որ այս մասին ինք տեղեակ պահած է տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը  եւ այս մասին քննարկումներ կատարած Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսարի հետ:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի վերջին եօթը տարուան տնտեսական կացութիւնը մանրամասն քննարկել, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներ մշակել` տնտեսական բարգաւաճման նպատակով:

 

Leave a Reply

Advertisement