Թեհրանի Մէջ Մանսուր-Ժալիլի Հանդիպում
By adminx - Tue Aug 28, 7:37 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան քարտուղար Սայիտ Ժալիլիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները եւ անոնց ազդեցութիւնը շրջակայ երկիրներուն, ի մասնաւորի` Լիբանանի վրայ:
Մանսուր ընդգծեց Իրանի մէջ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի խորհրդաժողովին կայացումը, յատկապէս նկատի ունենալով այդ խորհրդաժողովին կայացումը` Թեհրանի մէջ:
Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Մանսուր անհրաժեշտ նկատեց, որ ոչ յանձնառու երկիրները կարեւոր եւ աշխուժ դերակատարութիւն ունենան տարբեր երկիրներու հարցերուն լուծման մէջ:
Մանսուր ընդգծեց նաեւ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անիկա անպատճառ իր դրսեւորումը պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print




