Քոնելլի Դատապարտեց Առեւանգումները
By adminx - Tue Aug 28, 7:32 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, դեսպան Մորա Քոնելլի վարչապետ Միքաթիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ողջունած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներէն Հիւսէյն Օմարին ազատ արձակումը. ան միաժամանակ դատապարտած է Լիբանանի մէջ քաղաքացիութեան, համայնքի կամ ցեղային ծագումի հիման վրայ կատարուող առեւանգումները, որոնք միայն ոճրային նպատակներ կը հետապնդեն:
Քոնելլի նշած է նաեւ Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը` Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան առումով, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ցաւակցութիւն յայտնած է սպաննուող քաղաքացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած` վիրաւորներուն:
Քոնելլի Ուաշինկթընի գնահատանքը փոխանցեց Լիբանանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Քոնելլի վերահաստատեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին ուղղուած Ուաշինկթընի կոչը` յարգելու Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
Քոնելլի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի ենթարկուելու:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



