Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Tue Aug 28, 7:29 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
ԻՍՐԱՅԷԼԻ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու արեւմուտքցի բարձրաստիճան դիւանագէտի մը միջոցով Լիբանանի կառավարութեան յղած է սպառնալիք մը, թէ Իսրայէլ խիստ պատասխան պիտի տայ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ շանթաժի մը պարագային: Նեթանիահու հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը սուղ պիտի վճարէ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ անխոհեմ քայլի գինը, որովհետեւ Իսրայէլ Հըզպալլայի եւ Լիբանանի միջեւ խտրութիւն պիտի չդնէ այլեւս:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Լէյլա Սոլհը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սոլհ դարձաւ Տիմանի ճաշի հիւրը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն յառաջիկայ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ գործադրութեան դնելու խորհրդարանին վաւերացուցած թիւ 174 օրէնքը, որ կը վերաբերի հանրային վայրերու մէջ ծխելու արգիլման:
ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալներ երէկ կրակ բացին Տաուհաթ Հըսի մէջ բնակող Հըզպալլայի պատասխանատուներէն մէկուն բնակարանին վրայ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեց «Պլոմ» դրամատան դէմ կատարուած գողութեան մեղսակիցներէն մէկը: Նշենք, որ գողութեան այդ դէպքին ընթացքին վիրաւորուած էր լիբանանեան բանակի ենթասպայ մը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը աշխատավարձի յաւելման թղթածրարին քննարկումը յետաձգած է` երկրին դիմագրաւած ապահովական կացութեան պատճառով:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ Լեռնալիբանանի տնտեսական եւ առեւտուրի խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Շքէյր շեշտեց, որ կառավարութիւնը նպատակադրած է Քլէյաաթի օդակայանը վերակառուցել եւ գործածել: Ան ըսաւ, որ այդ որոշումը տնտեսական է եւ ոչ թէ քաղաքական:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի վտանգաւոր եւ անկիւնադարձային կացութեան դիմաց` շրջանային զարգացումներուն պատճառով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ ինք կ՛ամչնայ այնպիսի երկրէ մը, որուն ոճիրները պատկերասփռուած են, իսկ դատական իշխանութիւնները ոչ իսկ քայլի մը կը դիմեն ոճրագործները հետապնդելու առումով:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Քլէյաաթի օդակայանին բացումը կը միտի ապահովական գօտի մը հաստատելու անցք մը ստեղծել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը քանդիչ է եւ ան կը փափաքի վերադառնալ միլիսներու ժամանակաշրջանին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքը ուղղուած է Իսրայէլի դէմ, եւ Դիմադրութեան դէմ բարձրացած աղմուկը անոր վրայ պիտի չազդէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ իրենց զինուորական խորհուրդը լիբանանեան բանակն է եւ Դիմադրութիւնը: Ան աւելցուց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը ունենալ իբրեւ երկիր մը, որ կը պատկանի իր բոլոր զաւակներուն:
ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի հարց տուաւ, թէ ո՞վ կը քաջալերէ սալաֆական զինեալներուն Այն Հելուէ եւ պաղեստինեան այլ գաղթակայաններ մուտքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատէ եւ լիբանանեան բանակէն պահանջէ ապազինել Թրիփոլին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ինք լուռ եւ լրջութեամբ կ՛աշխատի պետական նշանակումներ կատարելու. ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային իր կատարած նշանակումները վաւերացուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանան այցելութեան իմաստով սէուտցի քաղաքացիներուն իր ուղղած զգուշացման կոչերը տակաւին առկայ են` երկրին մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն ներքեւ:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



