Thursday Jun 20, 2013

Մուրսի Կին Մը Եւ Ղպտի Մը Իրեն Օգնական Նշանակեց

By adminx - Tue Aug 28, 7:26 am

Եգիպտոսի նախագահական բանբեր Եասեր Ալի յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի կին մը` Պաքինամ Շարքաուին նշանակած է նախագահի քաղաքական հարցերու օգնական, իսկ ղպտի մը` Սամիր Մըրքոսը` նախագահի ժողովրդավարացման հարցերու օգնական: Իսամ Հատտատ նշանակուած է նախագահի արտաքին եւ միջազգային համագործակցութեան հարցերով օգնական, իսկ Իմատ Ապտելղաֆուր Ապտելղանի` հասարակութեան հետ կապերու թղթածրարով օգնական:

4 օգնականներու կողքին Եգիպտոսի նախագահը կազմած է նաեւ 17 անձերէ բաղկացած նախագահի խորհրդատուական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Իսլամ եղբայրներու բանբեր Իսամ Արիան եւ քաղաքական տարատեսակ այլ ուժերու ներկայացուցիչներ:

Leave a Reply

Advertisement