Ըստ Հարցախոյզի Մը Ռոմնի Մէկ Կէտով Կը Գերազանցէ Օպաման
By adminx - Tue Aug 28, 7:22 am
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր կատարած մէկ հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի մէկ կէտով կը գերազանցէ գործող նախագահ Պարաք Օպամայի վարկանիշը: Ռոմնի ապահոված է հարցախոյզի մասնակիցներուն 47 առ հարիւրին զօրակցութիւնը, իսկ Օպամա` 46 առ հարիւրին:
Հարցախոյզը նաեւ ցոյց տուած է, որ «Ռոմնի յառաջատար դիրքի վրայ է, թէեւ չնչին առաւելութեամբ, նաեւ տնտեսութեան հարցին մէջ, իսկ Օպամա հանրապետական թեկնածուին 34 կէտով կը գերազանցէ ընկերային եւ կնոջական հարցերուն մէջ»:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 72 առ հարիւրը կը վստահեցնէ, որ տնտեսութեան հարցով նախագահի վարմունքը պիտի ազդէ յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած ընտրութեան ընթացքին իր ընտրանքին վրայ:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 50 առ հարիւրը փոխնախագահի պաշտօնին հանրապետական թեկնածու Փոլ Ռայընի առաջարկած առողջապահական ծրագիրին կարեւորութիւն կ՛ընծայէ, իսկ անոնց 50 առ հարիւրը կը նշէ, որ երկու կուսակցութեանց միջեւ կնոջական հարցերուն վերաբերող տարբերութիւնները պիտի ազդեն իր քուէարկութեան ընտրանքին վրայ:
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print




