Thursday May 23, 2013

Միացեալ Նահանգներու Զէնքի Վաճառքի Ցուցանիշը Մրցանիշ Հաստատած Է

By adminx - Tue Aug 28, 7:18 am

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին նոր զեկուցումը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ 2011-ին եռապատկած են զէնքի վաճառքէն ստացուող իրենց եկամուտները` հասցնելով մրցանշային 66.3 միլիառ տոլարի:

Միացեալ Նահանգներ աշխարհի վրայ զէնքի վաճառքի ցուցանիշով 2011-ին յառաջատար եղած են` գրաւելով համաշխարհային շուկայի 78 առ հարիւրը: Միացեալ Նահանգներու զինավաճառքէն ստացուած եկամուտը բացառիկ կը նկատուի, որովհետեւ վերջին տարիներու ելեւմտական ճգնաժամը հարուածած էր նաեւ զէնքի վաճառքի մարզը:

Զէնքի համաշխարհային շուկան 2011-ին ունեցած է 85.3 միլիառ տոլարի եկամուտ:

Ամերիկեան զէնքի հիմնական գնորդներն են Արաբական ծոցի երկիրները` Սէուտական Արաբիան (33.4 միլիառ տոլար), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (շուրջ 4 միլիառ տոլար) եւ Օմանը (1.4 միլիառ տոլար): Այս երկիրներուն պարագային եւս զէնքի ձեռքբերումը մրցանշային մակարդակի վրայ է: Ձեռք բերուած են հիմնականին մէջ զինուորական օդանաւեր եւ հրթիռային պաշտպանութեան համալիր համակարգեր:

Արաբական ծոցի երկիրներու հետաքրքրութիւնը ամերիկեան զէնքով կը բացատրուի իրանեան վտանգին շուրջ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող մտավախութեամբ:

Զէնքի վաճառքի ցուցանիշով աշխարհի մէջ երկրորդ դիրքը գրաւողը Ռուսիան է` 4.8 միլիառ տոլարով:

Leave a Reply

Advertisement