Thursday May 23, 2013

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. «Ֆիլմը» Չանաքքալէի Մասին Է

By adminx - Tue Aug 28, 5:44 am

ԷՆԿԻՆ ԱՐՏԸՉ
«Սապահ»

Ի՞նչ ըսած էինք, գիտնալով հանդերձ չգիտցողներ կան, չգիտցածը չգիտցողներ ալ կան… «Թուրքիան, Երկրորդ Աշխարհամարտին յաղթանակէ յաղթանակ վազած է` Աթաթուրքին առաջնորդութեամբ»… Կար այսպիսի գրութիւն գրող անասուն ալ, որ քաղաքական գիտութեանց աւարտական դասարանի ուսանող էր:

Կրնանք ցոյց տալ նաեւ Չանաքքալէին (Տարտանելին) թրքական յաղթանակ մը ըլլալը գիտցող միլիոնաւոր հայրենակիցներ:

1915 թուականին մեր շարքերուն մէջ գերմանացի սպաներ ալ կը գտնուէին, սակայն յաղթանակը թրքական էր:

Մեր սպայակոյտի ընդհանուր հրամանատարը գերմանացի մըն էր,  սակայն յաղթանակը` թրքական… Բանակին հրամանատարը գերմանացի, սակայն յաղթանակը` թրքական: (Պատերազմի աւարտին «լրիւ» պարտութիւն կրեցինք, սակայն հարց չէ ատիկա):

Երբ նեղ կացութեան մատնուինք, կը յիշենք, որ «Չանաքքալէի մէջ քիւրտերն ալ մեզի հետ կռուած են ուս-ուսի»` զանոնք հանդարտեցնելու նպատակով, սակայն յաղթանակը թրքական էր:

Չեմ ուզեր օրհնեալ Ռամատանի առիթով «Չանաքքալէի մէջ թուրք զինուորը առաջնորդող կանաչ պարեգօտով տէրվիշներու հոգիներուն» նիւթը արծարծել: Շատ լաւ, բնաւ լսա՞ծ էիք, որ Չանաքքալէի մէջ արաբ զինուորներ ալ կային. Ճեմալ փաշան զանոնք Սուրիայէն ղրկեր է. եւ բոլորն ալ իսլամ չեն եղած, իրենց մէջ եզիտին ալ կայ, նեստորականն ալ: Ինչպէս որ ամերիկացի դերասանուհի Անն Մարկրէթ Վիեթնամ գացած էր ամերիկացի զինուորներուն բարոյականը բարձրացնելու համար, Դամասկոսէն լրագրողներ ալ եկած էին, կրօնաւորներ ալ:

Չանաքքալէի մէջ նաեւ գտնուած է յոյն սպայ` բժիշկ հարիւրապետի աստիճանով, գերեզմանին վրայ Տիմիթրիօթի գրուած է, Տիմիթրիատիս կրնա՞յ ըլլալ:

Չանաքքալէի մէջ եղած է հայ սպայ մըն ալ` Սարգիս Թորոսեան անունով, Կեսարիոյ Էվերեկ գաւառակէն (ներկայիս Տեւելի կը կոչուի): Եղած է հրետանիի հրամանատար-, ընկղմած է քանի մը նաւ, ծանրօրէն վիրաւորուած, նոյնիսկ «գնահատագիրի»  արժանացած է Էնվեր փաշային կողմէ. տեղակալի աստիճանէն բարձրացուած է հարիւրապետի. նոյնիսկ արժանացած է Օսմանեան բարձր պետութեան պատերազմական մետալին:

Չանաքքալէի մէջ Թուրքիոյ համար կռուած օրերուն, Կեսարիոյ մէջ Սարգիսի հայրն ու մայրը կը մորթուին. այո՛, այդ նոյն օրերուն` 1915-ի ամրան սկիզբները… «Իթթիհաթ վէ Թերաքը»-ին թիւ մէկը «գնահատագիր» կը ղրկէ Թորոսեանին, մինչ նոյն կուսակցութեան պատկանող խուժանը կը սպաննէ իր ընտանիքը:

1917 թուականին Թորոսեան կը վերադառնայ ծննդավայրը` այն յոյսով, որ առնուազն ընտանիքէն ողջ մնացածները կրնայ վերագտնել. այդտեղէն Սուրիա կ՛անցնի: Հոն կը գտնէ քոյրը` Պայծառը, բայց ի՞նչ վիճակի մէջ… կ՛ըմբոստանայ օսմանցիին դէմ եւ 1918-ի աշնան կը միանայ ըմբոստացած արաբական ուժերուն:

Ահաւասիկ ձեզի Չանաքքալէի հերոս Թորոսեանը, որ կը վերածուի հայրենիքի դաւաճանի մը…

Հայրն ու մայրը սպաննողները զինք այսպէս կը կոչեն:

Յետոյ, շատ մը հայերու նման, որոնք հոս բռնութիւններու ենթարկուած էին, Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի (կը ճանչնաք Քիմ Քարտաշեանը, անոր մեծ հօր նման…): 1947-ին գրի կ՛առնէ իր յուշերը եւ կը հրատարակէ: Այս յուշերը ներկայիս թարգմանուած են թրքերէնի «Չանաքքալէէն դէպի պաղեստինեան ճակատ» խորագիրով…

Գիրքը հրատարակութեան համար պատրաստած փրոֆ. դոկտ. Այհան Աքթար բաւական բովանդակալից յառաջաբան մըն ալ աւելցուցած է:

Բնական է, որ պիտի չկարդաք:

Սակայն պիտի շարունակէք կարծել, թէ Չանաքքալէն մեր «անկախութեան պատերազմին անբաժան մասն է» պարզապէս անոր համար, որ «Աթաթուրքին անունը հոն յիշուած է» եւ այս պատճառով աւելցուած անկախութեան պատերազմին, բայց «որովհետեւ Աթաթուրքին անունը չէ յիշուած» ձեզի չեն սորվեցուցած, եւ դուք ալ  ո՛չ Կալէսի, ո՛չ Միջագետքի եւ ո՛չ ալ կովկասներու մասին գիտէք:

Լա՛ւ. յետոյ ինձմէ պիտի զայրանաք. թերեւս այս ձեւով իշխանութեան կը հասնիք:

 

Հայացուց Գ. Կ.

Leave a Reply

Advertisement