Thursday Jun 20, 2013

Հայ Սպան, Աթաթուրքի Հայկական Արմատներն Ու Քիւրտերը` «Ռատիքալ»-ի Անդրադարձին Մէջ

By adminx - Tue Aug 28, 5:40 am

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ դարձեալ աշխուժացած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի` հայ կամ քիւրտ ըլլալու մասին տեղեկութիւնները:

Նման խօսակցութիւններու պատճառ դարձած են այն փաստարկները, թէ Աթաթուրքը ծնած է ո՛չ թէ Սալոնիքի մէջ, այլ Մալաթիոյ, ուր կը գերակշռէին հայերն ու քիւրտերը:

Թրքական «Ռատիքալ»-ի յօդուածագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզ թերթի 20 օգոստոսի սիւնակին մէջ անդրադարձած է շրջան ընող այս լուրերուն:

«Մենք անցեալին գրեթէ ոչինչ ձգելով առաջ շարժիլ չկարողացած երկիր ենք: Անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն անկեղծօրէն նայելու, ցաւերը սգալ չկրցանք, սակայն որքան ալ ցաւոտ ըլլայ` իրականութեան ցաւին դիմանալու ուժ պէտք է ունենալ: Մենք նախընտրած ենք մոռնալ մեր պատմութեան մեծ մասը: Մեր ուսերուն այդ բեռը այնքան ծանրացած է, որ այսօր այդ ծանրութեան պատճառով չենք կրնար լուծել մեր խնդիրները», գրած է Քեմալ Ճենկիզ:

Ան նշած է, որ պարբերաբար «աջ ու ձախ նման տեղեկութիւններ կը տարածուին», սակայն իրենք չեն կրնար խիզախութեամբ նայիլ անոնց. ինչպէս օրինակ, չեն կրցած հեշտութեամբ ընդունիլ, որ Չանաքքալէի պատերազմին ընթացքին հերոսացած է հայ սպայ` Սարգիս Թորոսեանը:

Այսինքն, երբ մէկ կողմէն իթթիհատականները հայերուն կը կոտորէին, հայ սպայ մը կը պայքարէր իր հայրենիքին համար: Ի հարկէ, մեր պատմութեան գիրքերէն որեւէ մէկուն մէջ Թորոսեանի անունը նոյնիսկ չի յիշուիր: Քանի որ երկիրը պաշտպանելու համար կեանքը վտանգած հայ սպային պատմութիւնը մեզ կ՛անհանգստացնէ ու կը յիշեցնէ մեր կռնակի բեռին մասին:

Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, թէ Աթաթուրքը ո՛չ թէ Սալոնիքի, այլ Մալաթիոյ մէջ ծնած է, Ճենկիզ կը գրէ. «Այդ լուրը կրնայ ճիշդ ըլլալ, բայց կրնայ նաեւ սխալ ըլլալ: Մեր պաշտօնական պատմութեան առնչութեամբ անհաւատալիօրէն ստելու յատկութեան պատճառով` շատ հաւանական է, որ Աթաթուրքի Սալոնիքի մէջ ծնելուն տեղեկութիւնները նոյնպէս յօրինուած եղած ըլլան»:

Յօդուածագիրը իր ըսածը ապացուցելու համար կը յիշեցնէ, որ մինչեւ վերջերս քիւրտերու գոյութիւնը հերքելու համար սուտեր յօրինուած են: Այսօր անոնց գոյութիւնը կ՛ընդունին, սակայն անոնց հաւասար իրաւունքներ չեն տար: Նոյնիսկ կը հրաժարին անոնց` մայրենի լեզուով խօսելու իրաւունքը ճանչնալէ:

«Մենք կարիք ունինք մենք մեզի եւ մեր պատմութեան անկեղծօրէն նայելու: Այն ատեն պիտի տեսնենք, որ հայ սպայի Չանաքքալէի մէջ մղած պայքարը, Աթաթուրքը, քիւրտ ապստամբները, պիտի ընկալենք այնպէս, ինչպէս կան, եւ մեր ուսի բեռը մէկ կողմ ձգելով` առաջ պիտի շարժինք», եզրափակած է ան:

Leave a Reply

Advertisement