Wednesday May 22, 2013

Բժշկագիտական. Մութ Գոյնի Տուրմը Կրնայ Նուազեցնել Արեան Ճնշումը

By adminx - Tue Aug 28, 5:34 am

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգոստոսի կէսերուն աւստրալիացի ու բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ օրական հարիւր կրամ մութ գոյնի տուրմ սպառելը կրնայ չնչին տարողութեամբ նուազեցնել արեան ճնշումը:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ տուրմին գլխաւոր բաղկացուցիչներէն` քաքաոն կը պարունակէ ֆլաւանոլ կոչուած քիմիական նիւթը, որուն ներկայութեան` մարդկային մարմնին մէջ կ՛արտադրուի թթուածնիդ (նայթրիք օքսայտ) կոչուած քիմիական նիւթը, որ իր կարգին կը թուլցնէ արեան երակները` այդպիսով հեզասահ դարձնելով անոնց մէջ արեան հոսքը եւ նուազեցնելով արեան ճնշումը:

Մասնագէտները վերոնշեալ տուեալները ձեռք ձգած են քսան ուսումնասիրութիւններէ: Թէեւ փորձարկումներուն մէջ նկատի առնուած բոլոր մարդոց մօտ արձանագրուած է արեան ճնշումի նուազեցում, բայց եւ այնպէս բոլոր փորձարկումներուն ալ տեւողութիւնը եղած է միայն երկու շաբաթ: Այսուհանդերձ, մասնագէտներուն համար տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօք նման արդիւնքներ պիտի ստացուի՞ն, երբ երկարաձգուին փորձարկումները, թէ՞ արեան ճնշումին վրայ տուրմին ունեցած ազդեցութիւնը պարզապէս ժամանակաւոր է:

Կարգ Մը Մութ Գոյնի Տուրմեր Չեն
Պարունակեր
Մեծ Տարողութեամբ
Ֆլաւանոլ

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնները գլխաւորող աւստրալիացի մասնագէտ Քերըն Ռայտ ըսած է, որ թէեւ տակաւին յստակ ապացոյցներ չկան արեան ճնշումին նուազեցման վրայ տուրմին ունեցած ազդեցութեան տեւողութեան կապակցաբար, սակայն նոյնիսկ այդ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ յայտնուած արեան ճնշումի չնչին տարողութեամբ նուազեցումը կրնայ նպաստել դարմանումի այլ կարելիութիւններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ` սրտանօթային հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգին նուազեցման:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, աշխարհի տարածքին մարդոց մօտ յառաջացած կաթուածներուն յիսունչորս առ հարիւր համեմատութիւնը, իսկ սրտի պսակաձեւ երակներու հիւանդութեան քառասունեօթը առ հարիւր համեմատութիւնը առնչուած են արեան գերճնշման հետ:

Միւս կողմէ, սակայն, կարգ մը մասնագէտներ նշած են, թէ այլ տուրմերու նման մութ գոյնի տուրմը եւս կը պարունակէ մեծ տարողութեամբ ճարպ եւ, հետեւաբար, կարելի չէ զայն լաւագոյն միջոցը նկատել արեան ճնշումը նուազեցնող գործընթացին համար:

Անոնք ըսած են նաեւ, թէ մութ գոյնի տուրմը կրնայ պարունակել նուազագոյն տարողութեամբ ֆլաւանոլ, հակառակ անոր որ անիկա կը պարունակէ կաթով պատրաստուած բաց գոյնի տուրմերէն շատ աւելի մեծ տարողութեամբ քաքաօ: Նշեալ երեւոյթին բացատրութիւնը ա՛յն է, թէ նկատի ունենալով, որ ֆլաւանոլը լեղի համ մը ունի, ապա յաճախ անիկա ուշագրաւ տարողութիւններով կը զտուի քաքաոյէն` նախքան այս վերջինը մութ գոյնի տուրմին պատրաստութեան մէջ ներառելը:

Պտուղները Կրնա՞ն Փոխարինել
Մութ
Գոյնի Տուրմը

Բրիտանացի մասնագէտ Վիքթորիա Թէյլըր ըսած է, որ ցարդ կարելի չէ եղած ճշդել, թէ ինչպիսի՞ տարողութեամբ ֆլաւանոլ պէտք է պարունակէ մութ գոյնի տուրմին խառնուելիք քաքաոն` արեան ճնշումը նուազեցնող գործընթացը արդիւնաւէտ դարձնելու համար:

Մասնագէտ Թէյլըր յայտնած է նաեւ, թէ հարիւր կրամ մութ գոյնի տուրմը կը պարունակէ մօտաւորապէս հինգ հարիւր ջերմուժ, ինչ որ միջին տարիք ունեցող կիներուն օրական յանձնարարուած ջերմուժին քառորդը կը կազմէ:

Ծանօթ է արդէն, թէ ծիրանն ու մորմենին, ինչպէս նաեւ խնձորն ու լուբիան եւս կը պարունակեն որոշ տարողութեամբ ֆլաւանոլ, որ թէեւ չունի քաքաոյին պարունակած ֆլաւանոլին տարողութիւնը, բայց եւ այնպէս նշեալ պտուղները չունին տուրմին մէջ գտնուող մեծ տարողութեամբ ճարպերը եւ, հետեւաբար, շատ աւելի առողջարար են, քան` տուրմը: Սակայն արեան ճնշումը նուազեցնելու գործընթացին վրայ նշեալ պտուղներուն ունեցած ազդեցութիւնը գտնելը տակաւին կը մնայ քննարկելի:

(Օգտագործուած աղբիւր` «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.»)

Leave a Reply

Advertisement