Thursday May 23, 2013

Ֆրանսայի Դպրոցական Դասագիրքերը Նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Կը Պատմեն

By adminx - Mon Aug 27, 7:46 am

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Նուվել տ՛Արմենի»-ն, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ նոր լոյս տեսած պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող նիւթեր:

Դասագիրքի հեղինակ Վալերի Փերթուէ առաջարկած է աշակերտները մղել սերտելու շարք մը պատմական իրադարձութիւններ, որոնք սովորաբար չեն ընդունուած ներառել եւրոպական դպրոցական ծրագիրներուն մէջ:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը ազգի զանգուածային ոչնչացման ուղղուած ծայրայեղ քայլ մըն էր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, որ 20-րդ դարու սկիզբը արդէն իսկ կը մօտենար իր վախճանին», կը նշուի դասագիրքին մէջ:

Նոր դասագիրքի հեղինակները դպրոցական ծրագիրին մէջ ներառած են նաեւ Ֆրանսայի պատմութեան շարք մը հակասական դրուագները, մասնաւորաբար` նացիական Գերմանիոյ կողմէ բռնագրաւումի տարիներուն ֆրանսացի զինուորականներու եւ մասնաւորաբար` մարշալ Փեթենի` Հիթլերի վարչակարգին հետ համագործակցութեան փաստերը եւ Ֆրանսայի հարաւին մէջ ֆաշական Վիշիի հանրապետութեան ստեղծման փաստը:

Լայնօրէն կը քննարկուին նաեւ Ֆրանսայի կողմէ Ալճերիոյ գաղութատիրման, ինչպէս նաեւ ապագաղութատիրութեան հոլովոյթները:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement