Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Այցելեց Լիբանան
By adminx - Mon Aug 27, 7:40 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտալլահեանի գլխաւորած իրանեան պատուիրակութիւն մը անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երկու պետերուն եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ապտալլահեանը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապտալլահեան ողջունեց Սուրիոյ զօրակցութեան նպատակով Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի յայտարարած նախաձեռնութիւնը, որուն համաձայն, քառակողմ հանդիպում մը պիտի կատարուի Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին ընթացքին:
Ան նշեց նաեւ, որ իրենք քննարկած են անյայտացած իմամ Մուսա Սատըրի հարցը:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ապտալլահեանը:
Հանդիպումէն ետք Ապտալլահեան յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Թեհրան իր բոլոր կարելիութիւնները կը տրամադրէ Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ կողմէ Լիբանանին յանձնուելիք քիմիական զէնքերուն մասին շրջան ընող լուրերուն` Ապտալլահեան յայտնեց, որ անոնք ամերիկեան սուտեր են եւ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն:
Իրանցի պաշտօնատարը այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այս շաբթուան ընթացքին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին նախապատրաստութիւնները:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print




