Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Ուալիտ Տաուքը
By adminx - Mon Aug 27, 7:39 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Տաուք յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին վարչապետը հաստատած է, որ Թրիփոլիի մէջ հարցերն ու զինեալ բախումները կ՛ուղղուին դէպի լուծում եւ շրջանին մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատում:
Տաուք նշեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը ջանան վերականգնել երկրին ապահովութիւնը` Թրիփոլիի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերուն օժանդակութեամբ եւ զօրակցութեամբ:
Ուալիտ Տաուք նկատել տուաւ նաեւ, որ ինք վարչապետին ներկայացուցած է լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն հանդիպումին արդիւնքները, որոնք արժանացան վարչապետ Միքաթիի ողջոյնին եւ անոր զօրակցութեան:
Տաուք նշեց նաեւ, որ ինք վարչապետին հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը, որուն առնչութեամբ վարչապետը հաստատած է, որ լիբանանեան պետութիւնը մնայուն կերպով կը հետապնդէ այդ թղթածրարը:
Միւս կողմէ, Տաուք աւելցուց, որ վարչապետը կտրականապէս կը մերժէ Լիբանանի մէջ կատարուած առեւանգումները, որոնք կ՛աղաւաղեն Լիբանանի պատկերը եւ վնաս կը հասցնեն երկրին ու քաղաքացիական ապահովութեան:
«Վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն կողմէ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներու մէջ ներքաշուելու մերժումը», ըսաւ Տաուք:
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print




