Thursday May 23, 2013

«Պապին Լիբանան Այցելութիւնը Ի Զօրու Է» Կը Հաստատէ Պըրրի

By adminx - Mon Aug 27, 7:37 am

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին յայտարարեց, որ յիսուն հազար քուէյթցիներ ջնջած են այս տարուան ընթացքին Լիբանան կատարելիք իրենց այցելութիւնները` Լիբանանի վկայած դէպքերուն, առեւանգումներուն եւ ապահովական այլ պատճառներով:

Անդրադառնալով Պեքաայի մէջ քուէյթցի քաղաքացի Իսամ Հութիի առեւանգումին ընթացքին օգտագործուած զինամթերքին այլազանութեան եւ արդիականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն` Պըրրի մաղթեց, որ այդ զէնքերուն ուղղութիւնը դէպի թշնամի Իսրայէլ շրջուի:

Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մասին իրեն հասած տեղեկութիւններուն շրջագիծին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ինք քանի մը աղբիւրէ իմացած է, թէ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն կը մասնակցին նաեւ օտարներ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը ի զօրու կը մնայ: Ան շեշտեց, որ պապին այցելութիւնը միայն քրիստոնեայ քաղաքացիներուն չի վերաբերիր, այլեւ` բոլոր լիբանանցիներուն:

Ան մաղթեց, որ պապին Լիբանան այցելութիւնը արտասովոր ըլլայ` նկատի ունենալով շրջանին դիմագրաւած արտակարգ պայմանները:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններու բնակիչները վարդերով եւ ողջոյնի խօսքերով պիտի «փակեն» Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան` դիմաւորելու համար Պենետիկտոս ԺԶ. պապը:

 

Leave a Reply

Advertisement