Thursday May 23, 2013

Ատնան Մանսուր Ուղղուեցաւ Թեհրան

By adminx - Mon Aug 27, 7:36 am

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ մեկնեցաւ Թեհրան, ուր պիտի մասնակցի Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին նախօրեակին տեղի ունենալիք այդ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յատուկ նիստին:

Նշենք, որ Մանսուր աւելի ուշ պիտի միանայ այդ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերելիք լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:

Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովը պիտի գումարուի այս շաբթուան կիսուն` Իրանի մէջ:

Leave a Reply

Advertisement