Thursday May 23, 2013

Պեքաայի Մէջ Անծանօթներ Կ՛առեւանգեն Քուէյթցի Մը

By adminx - Mon Aug 27, 7:34 am

Շաբաթ կէսօրէ առաջ Պեքաայի Հաուշ Ղանամ շրջանին մէջ անծանօթներ առեւանգեցին Իսամ Հութի անունով քուէյթցի մը:

Մինչ լիբանանեան պետութիւնը յայտնեց, որ ճիգ չի խնայեր ազատ արձակելու Հութին, Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Հութին առեւանգողները 500 հազար տոլարի փրկագին մը կը պահանջեն զայն ազատ արձակելու համար:

Քանայի յայտնեց, որ դեսպանատունը իր կարելին կ՛ընէ եւ լիբանանեան ապահովական ուժերուն հետ կը գործակցի` բացայայտելու համար առեւանգողներուն ինքնութիւնը եւ ազատ արձակելու համար քուէյթցի քաղաքացին:

Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Հութի կը գտնուի Պաալպեքի Պրիթել գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող խմբաւորումի մը մօտ:

 

Leave a Reply

Advertisement