Թրիփոլիի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն
By adminx - Mon Aug 27, 7:33 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները, ապահովական խախտումներն ու արիւնահեղութիւնը դատապարտելու նպատակով, երէկ Թրիփոլիի քաղաքապետարանին մէջ քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններ կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները:
Այս նստացոյցը կատարուեցաւ Թրիփոլիի քաղաքապետ Նատեր Ղազալի հովանաւորութեամբ:
Նստացոյցին ընթացքին Ղազալ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ հաղորդագրութիւններու հրապարակումին ու նիստերու գումարումին եւ դիմել գործնական քայլերու` Թրիփոլին ապազինելու առումով:
Ղազալ ըսաւ, որ հակառակ իր կրած զրկանքին, Թրիփոլի կը մերժէ պետութենէն բացի զինուորական այլ թեւեր ունենալ:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն պետութեան հեղինակութիւնը պարտադրելու Թրիփոլիի մէջ:
Ղազալ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հայրենասիրութեան խորհրդանիշն է եւ երկրին պաշտպանը:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, սակայն երէկ կէսօրէ ետք Մալուլէի եւ Ժապալ Մըհսենի երիտասարդներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք սակայն անմիջապէս հակակշիռի տակ առնուեցան լիբանանեան բանակին կողմէ:
Նշենք, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կը ֆինանսաւորեն շրջանային ծրագիր մը` խախտելու համար Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած ժողովները երբեք զինք չեն հետաքրքրեր եւ ինք յանձնառու չէ այդ նիստերէն բխած որոշումներուն: «Մենք յանձնառու ենք միայն լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի որոշումներուն, որովհետեւ բանակն է երկրին ապահովութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան երաշխիքը», ըսաւ Իտ:
Ան աւելցուց, որ Պապ Թըպպանէի բնակիչները զինողները Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են:
Իր կարգին, երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա հաստատեց, որ Պապ Թըպպանէ կ՛ընդառաջէ բանակին կողմէ հաստատուած զինադադարին` փաստելով, որ ինք լիբանանեան պետութեան եւ ապահովական կառոյցներուն կ՛ենթարկուի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ոչ լիբանանցի կռուողներ կը մասնակցին Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը աւելի խիստ ոճով պիտի հակադարձէ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մաս կազմող օրինազանցներուն:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print



